ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԹԷ ՃԻՇԴ ԷԻՆ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԳՐԱԾՆԵՐԸ

«Նիւ Եորք Թայմզ» հեղինակաւոր թերթը արձագանգ հանդիսանալով «Արմէն Բրէս» լրատու գործակալութեան,  կը յայտնէ թէ ծիներու (genes, քէն) միջազգային մասնագէտներ փաստած են որ 5-րդ դարու հայ պատմաբան («Պատմահայր») Մովսէս Խորենացիի «վարկած»ը՝ թէ Հայաստան որպէս ինքնիշխան պետութիւն հիմնադրուած է Ն.Ք. 2492-ին, իրականութիւն է: Թէեւ Խորենացին արձանագրած է թէ ինք անձնապէս գացած է Բաբելոն եւ ուսումնասիրած է հին արձանագրութիւններ, միջազգային հեղինակութիւններ Խորենացիի գործը կը նկատէին «առասպել», բայց արդիական DNA –ի ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն թէ Խորենացիի թողած աշխատանքը ընդունելի եւ ճիշդ պատմութիւնն է:

Վերջերս, ծիներու մասնագէտներ (genetisists) ուսումնասիրած են Հայաստան եւ Լիբանան ապրող 173 հայերու ծիները եւ բաղդատած են զանոնք աշխարհի տարբեր երկիրներու 78 բնակիչներու ծիներուն հետ: Անոնք եզրակացուցած են թէ Ն.Ք. 3000-2000 տարիներուն հին ժողովուրդներու միջեւ խառնուրդ տեղի ունեցած է, իսկ Ն.Ք. 1200 տարիներուն, Պրոնզի Տարեշրջանին, Արեւելեան Միջերկրականի քաղաքակրթութիւնը յանկարծ փլուզումի ենթարկուած է, որու հետեւանքով Հայեր առանձնացած են եւ անոնք այդ թուականէն ետք չեն ձուլուած այլ ժողովուրդներու մէջ:

Հայերու առանձնացումը հաւանաբար զանազան պատճառներ ունեցած է, ինչպէս՝ մշակոյթի, լեզուի (իւրայատուկ այբուբենով), կրօնքի եւ այլ առանձնայատկութիւններու: Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանի պատմաբան Հովնան Սիմոնեան հաստատած է թէ հայերու ծիներու 29%-ը կու գայ 5300 տարիներու հնութիւն ունեցող Ալբեան լեռներու սառոյցներուն մէջ պահպանուած եւ 1999-ին գտնուած մարդկային մնացորդացէն: Նոյն ծիներէն շատ աւելի քիչ չափով գտնուած են Սուրիացիներու, Պաղեստինցիներու, Սէֆարտիք Հրեաներու եւ Լիբանանցիներու մէջ: