Էլթոն Ճոն Իր Հիմնադրամի Երեկոյթին Պիտի Ներկայացնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող The Promise Ֆիլմը

Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթոն Ճոն իր հիմնադրամի երեկոյթին պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող The Promise ֆիլմը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Էլթոն Ճոնի հիմնադրամը։

Երեկոյթը պիտի կայանայ Փետրուար 26­ին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ  հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշը:

«Մեզի համար բաւական է միայն տեսնել ՄԻԱՒ/Ձիահ­ի համաճարակի տարածման ընթացքը 1990-­ականներու կէսերուն Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ետք, որպէսզի հասկնանք մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն եւ վայրագութիւններու ու հանրային առողջութեան ճգնաժամին կապը: Մանուկեաններու ընտանիքի եւ արտադրող Էրիք Էսրայէլեանի հետ ընկերութեան իբրեւ արդիւնք ես եւ Տէյվիտը աւելի շատ տեղեկացած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այսօր հասարակական կեանքի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին»,­- ըսած է Էլթոն Ճոն:

Ան աւելցուցած է, որ The Promise ֆիլմը կ՝արտացոլէ, թէ ինչպէս կարելի է յիշել անցեալի վայրագութիւնները եւ սորվիլ սխալներու վրայ: «Մենք լի ենք վճռականութեամբ այս հրաշալի ֆիլմին մասին տեղեկատւութիւն տարածելու հարցով, որպէսզի ստիպենք մարդոց անմիջապէս գործելու: Մենք պատիւ ունինք մեր երեկոյին ընթացքին ձեզի ներկայացնելու The Promise ֆիլմը»,-­ ըսած է երգիչը:

Էլթոն Ճոնի հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշ, իր հերթին, ընդգծած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է հիմնադրամի շարժանկարի ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս ներկայացնել մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի միջոցներով նկարահանուած ֆիլմը: