Ինծի համար կարեւոր ֆիլմ է, բոլոր նախնիներս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր են. Սերժ Թանգեան խօսած է «Խոստումը» ֆիլմին մասին

Ամերիկահայ յայտնի ռոք երգիչ, System of a Down խումբի մեներգիչ Սերժ Թանգեան Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Սերժ Թանգեան նշած է, որ շատ ուրախ է ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն մասնակցելու համար: «Ես շատ ուրախ եմ, որ մասնակցութիւն  ունեցած եմ ֆիլմի երաժշտական մասի աշխատանքներուն: Սա շատ կարեւոր ֆիլմ է: Ատոր մէջ ներկայացուած է սիրոյ պատմութիւն մը, որ տեղի կ’ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Ասիկա ինծի համար կարեւոր է, որովհետեւ իմ բոլոր նախնիներս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր են»,- ըսած է Թանգեան:

«Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեան, կարեւոր համարելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ նկարահանելուն` երջանկայիշատակ Քըրք Քըրքորեանի նախաձեռնութիւնը, նոյնպէս նշած է, որ իր նախնիները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր են, եւ ինք կը ցանկայ այս հարթակը օգտագործելու եղանակով խախտել լռութիւնը ու մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել խնդիրին վրայ: