Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի 37-րդ հատորի շնորհանդէս

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսը հայկական աշխարհի` Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, լաւագոյն հայագիտական տարեգիրքն է:

Հանդէսի 37-րդ հատորին` 2017-ի շնորհանդէսը Դեկտեմբեր 13-ին, տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան մէջ` ներկայութեամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Հայկազեանի տնօրէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմնի ատենապետ Փոլ Հայտոսթեանի, Հայկազեան համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»-ի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանի, տասնեակ ակադեմիականներու, հայագէտներու, կը հաղորդէ Սիվիլնէթը:

Աւելի քան 700 էջ բովանդակութեամբ այս հատորին մէջ ներկայացուած են շարք մը ուշագրաւ հայագիտական հրապարակումներ, որոնց շարքին` Զաւէն Մսըրլեանի «Համօ Օհանջանեանի Նամակները Զօր․Քէյսիին եւ Դրոյին», Գեղամ Յովհաննիսեանի «Հնչակեաններու Գործունէութիւնը 1917-ի Ռուսական Յեղափոխութիւններու Շրջանին», Տ․ Ներսէս քհնյ․ Ասրեանի «Արցախի Փակուած Թեմի Պատմութենէն» (1933-1988)»:

Տարեգիրքի առաջին հրապարակման հեղինակը Հրանոյշ Յակոբեանն է «Հայ ինքնութեան հիմնահարցեր» խորագիրով: