Սերժ Թանկեան ամերիկացիներուն խորհուրդ կու տայ դիտելու արցախեան հակամարտութեան մասին ֆիլմը

Աշխարհահռչակ երաժիշտ-երգիչ Սերժ Թանկեան իր համակիրներուն կոչ ըրած է դիտելու արցախեան հակամարտութեան մասին պատմող ֆիլմը:

System of a Down ռոք-խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան կոչ ըրած է դիտելու «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը: armeniasputnik.am-ի հաղորդմամբ` Երաժիշտը այս մասին գրած է Instagram-ի իր էջին վրայ:

Անոր խօսքով` «Վերջին բնակիչը» յուզական, լարուած վաւերագրական թատերախաղ է Արցախի ու Ատրպէյճանի միջեւ հիմա շարունակուող հակամարտութեան մասին:

«Յառաջիկայ հանգստեան օրերուն Ուիթիըրի ու Կոսթա Մեսայի մէջ պիտի ցուցադրուի ֆիլմը: Եթէ անցած շաբաթ չէք կրցած դիտել Կլենտէյի ցուցադրութիւնները, ապա բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ֆիլմը դիտելու եւս մէկ հնարաւորութիւն ունիք: Ֆիլմի երաժշտութիւնը գրած եմ ես», — նշած է երաժիշտ:

«Վերջին բնակիչը» ֆիլմը կը պատմէ գիւղի վերջին բնակիչին մասին: Գիւղը դատարկուած է արցախեան հակամարտութենէն ետք: Սակայն գլխաւոր հերոսը չէ կրցած գիւղը լքել, քանի որ կը սպասէ դստեր վերադարձին, որ ջարդերէն ետք հոգեբուժարան յայտնուած է: