«Սի.Էն.Էն.»ի թղթակից Էնթընի Պուրտեն Հայաստան եւ Արցախ կ՛այցելէ

Հայաստանի եւ Արցախի մասին 45 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմ կը պատրաստէ ամերիկայն CNN հեռուստաընկերութիւնը` Էնթընի Պորտէյնը (Anthony Bourdain) իր նշանաւոր Parts Unknown հաղորդաշարի ծիրէն ներս:

Հոկտեմբեր 18-ին նկարահանումներ կատարուեցան Արցախի մէջ, իսկ հարցազրոյցը եւ ճաշը` ժինգեալով հաց, շիլայ, խորոված, մածուն, թութի եւ հոնի օղի, տեղի ունեցաւ Ջտրտուզի բարձունքին:

Հայաստանի եւ Արցախի մասին նկարահանուող ֆիլմին մէջ հրաւիրուած է նաեւ Սիվիիլնեթի լրագրող, ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանը, որ խօսած է Արցախեան հակամարտութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:

Ֆիլմը CNN-ով պիտի հեռարձակուի գարնան: