«Քարաւան 1915» ֆիլմը թուրք դերասանուհին խաղաղութեան ուղերձ կը համարէ

Թուրքիոյ մէջ հայկական թեմայով նկարահանուած «Քարաւան 1915» Ֆիլմին գլախւոր դերասանուհին Այշէ Աքընը խօսած է ֆիլմին մասին, անդրադարձած շարժանկարի վարձոյթէն հանուելու պատճառներուն:

Աքընը յայտնած է, որ «Քարաւան 1915» ֆիլմը խաղաղութեան ուղերձ է: Ըստ անոր` թրքական ֆիլմը ո՛չ թէ կաղապարելու, այլ աջակցութեան կարիք ունի:

Դերասանուհին պատմած է, որ ֆիլմին մէջ ինքը կը մարմնաւորէ  հայուհի, իսկ ֆիլմը սիրոյ պատմութիւն է իր հերոսուհիի եւ թուրք ձիապանի միջեւ, որ ո՛չ մէկ ձեւով կ՝ուզէ հրաժարիլ իր սէրէն: Աքընը նշած է, որ Թուրքիոյ փոխարէն անչափ պիտի տխրի, եթէ ֆիլմը օտարներու կողմէ ընդունուի:

Ըստ Աքընի` ֆիլմին հանդէպ վերաբերմունքի, խոչընդոտներու, գրաքննութեան հիմնական պատճառը այն է, որ ֆիլմի իւրաքանչիւր պատկերը ուղերձ մըն կը փոխանցէ:

Յիշեցնենք, որ ֆիլմը մեծ պաստառ բարձրանալէ կարճ ժամանակ անց բեմադրիչը եւ սենարիստ Իսմայիլ Կիւնեշի որոշումով հանուած էր շարժանկարի վարձոյթէն:

Բեմադրիչը նշած էր, որ նման որոշում կայացած է ֆիլմի բաժանման հարցով առաջացած խնդիրներուն, շարժանկարի թատերասրահներու կանխակալ տրամադրուածութեան պատճառով:

Նշենք, որ ֆիլմի բեմադրիչի նկարագրութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ այնտեղ կը գերակշռէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական տեսակէտը: Բեմադրիչին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ տեղահանութիւն, որուն համար պետութիւնը 256 միլիոն ղրուշ ծախսած է: