ՀՀ ԶՈՒ-ի Հոգեւոր Առաջնորդի պաշտօնական այցը Գանատայ

Մարտ 1-11, 2017-ին, Գանատայի ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդի հրաւէրով եւ Գանատահայոց Թեմի համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը պաշտօնական այցով ժամանեց Գանատա, հոգեւոր գիտելիքներ փոխանակելու եւ ամրապնդելու Հայ-Գանատական հոգեւորականներու համագործակցութիւնը։

Նոյն երեկոյեան, երկու եպիսկոպոսներն ու Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը մեկնեցան մայրաքաղաք Օթթաուա։
Երկուշաբթի առաւօտեան, Գանատայի ԶՈՒ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ, Գեներալ Գիյ Չափտլէյն եւ Հոգեւոր առաջնորդի աշխատակազմի պաշտօնեայ, Փոխ-Հրամանատար Ճենիֆըր Կօսը պանդոկին մէջ դիմաւորեցին Վրթանէս Սրբազանը ու իր հետ ներկայացած պատուիրակութիւնը, ուրկէ բոլորը մէկ մեկնեցան Գանատական Պատերազմական Թանգարանն այցելելու։
Ապա, Եպիսկոպոսները, Թեմական Խորհուրդի անդամ հոգեւորականներ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զագարեանը, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը եւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան ու Թեմի Դիւանապետ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի ԶՈՒ-ի հոգեւոր առաջնորդի գրասենեակը։
Անոնք հանդիպեցան զանազան վարչութիւններու տնօրէններուն հետ, ինչպէս Հոգեւորական գործողութիւններու տնօրէն, Գնդապետ՝ Պարպարա Փութնամը, Հոգեւոր ծառայութեան տնօրէն, Գնդապետ՝ Սիլվայն Մաուրիսը, այնտեղ տեղի ունեցաւ բազմակողմանի ներածական ներկայացում Հոգեւոր Ծառայութեան գործունէութիւններու մասին, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխանի, ուր քննարկուեցան՝ կառուցուածքի, ռազմավարական խնդիրներու, առաջնահերթութիւններու, ներկայ գործողութիւններու եւ հոգեւորականներուն դէմ ելած մարտահրաւէրներու մասին թեմաներ։ Քննարկումէն վերջ Հայ ու Գանատացի հոգեւոր առաջնորդները իրար յուշանուէրներ փոխանակեցին։
Երեկոյեան, պատուիրակութիւնն այցելեց Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, որտեղ անոնք հանդիպեցան Գանատայի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս Պարոն Սասուն Յովհաննիսեանին հետ։
Մարտ 7, 2017-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը, Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի Խորհրդարանը, Խորհրդարանի Պալատի Յուշակոթողի առաջ Սրբազան Հայրն ու Արժ. Աւագ Քահանայ Զարգարեանն աղօթեցին ի հանգիստ Գանատացի նահատակ զինուորներու հոգիներուն։
Մարտ 8-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը, Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր դպրոցը եւ կեդրոնը Օնթարիոյի նահանգի Պորտըն քաղաքի մէջ։ Առաւօտեան, պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Փոխ-հրամանատար եւ դպրոցի անձնակազմի հետ, ուր ներկայացուեցաւ ԳԶՈՒՀ դպրոցի ու այնտեղ կատարուած դասընթացքներու մասին։
Ապա, հիւրերն այցելեցին դպրոցի դասարաններէն մէկը, ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու հետ միատեղ աղօթեցին ու նուէրներ փոխանակեցին, յետոյ պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հրամանատար, Գնդապետ՝ Լիամ Մաքկրիի հետ։ Կէսօրին տեղի ունեցաւ զօրամասի հոգեւոր առաջնորդի ու տարբեր կրօնականներու հետ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց զօրամասի յարկին տակ գտնուող զանազան մատուռներու այցելութիւններ ու աղօթքներ։
Մարտ 9-ին, Գերշ. Եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Գերշ. Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Արժ. Աւագ Քհնյ. Զարգարեանն ու Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Պարոն Օհան Յովհաննիսեանն այցելեցին Թորոնթոյի՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը։
Մարտ 11-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը մեկնեց Գանատայից դէպի Հայաստան։