Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի Տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը

Հինգշաբթի՝ 15 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին տեղի ունեցաւ 2016 տարեշրջանի ընդհ. անդամական ժողովը «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահէն ներս:

Ժողովի բացումը կատարեց ԹՄՄ Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենապետ պրն. Արթօ Մանուկեան, որ խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարչութեան տարուէ տարի ամէն մարզէ ներս ընդարձակուող գործունէութեան մասին ու շեշտեց Սուրիահայ մեղուաջան աշխատակիցներու եւ երիտասարդացի մասնակցութեան իրողութիւնը:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիահայերու մասնակցութեան մասին Թէքէեան Մշակութային Միութեան յարկէն ներս:

Ապա ընտրուեցաւ օրուան դիւանը՝ Պրն. Էտուարդ Հիւսէնճեան – Ատենապետ եւ պրն. Ծերոն Օհանեան – Ատենադպիր: Օրուան դիւանի Ատենապետի շնորհակալութեան խօսքերէն ետք ընթացք տրուեցաւ օրակարգի նիւթերուն:

Նախորդ ընդհ. Ժողովի ատենագրութիւնը ընթերցեց Պրն. Պերճ Գոգորեան: Վարչութեան ատենադպիրը իր տեղեկագրին մէջ յայտնեց, թէ 2016 տարեշրջանի գործունէութիւններու թիւը՝ 46, եռապատկուած էր բաղդատմամբ նախորդ երկու տարիներուն:

Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Մօտ 3 տարիներ առաջ, երբ նոր մաս կը կազմէի վարչական ընտանիքին, անդրադարձայ` թէ նոր խանդով սկսած էինք աշխատանքի եւ թէ

շեփորն ու որակը կը ծնին միայն ներդաշնակ գործակիցներով: Սիրեցի վարչական անդամները ընտանիքի ջերմութեամբ: Հոգիներու ու ոգիներու ախորժելի միութիւն մը, ուր նկարագրի ձայները միայն մէկ նոթա ունին. «Միութեան շահը ամէն բանէ առաջ»: Այսպէս էր, որ կողմը որ դարձայ, շուրջս գտայ անկեղծ օգնութեան ձեռք մը եւ երբե’ք կռնակ մը: Եւ վերջապէս, ունինք Արթօն իբրեւ ատենապետ ու Նուպարը իբրեւ՝ փոխ: Երբեմն եղած են ալեկոծ որոշումներ, երբեմն նոյնիսկ սեւ դրօշակ, սակայն Արթօն իր փորձառութեամբ մեզ հասցուցած է խաղաղ ծովափը, փրկելով մեզի, աղէտալի, կը կրկնեմ աղէտալի երեւոյթներէ: Ահաւասիկ սրտիս խօսքը, կամ աւելի հոգիիս խօսքը»:

Անդրադառնալով սուրիահայ նոր ընկերներու հետ գործակցութեան, ան ըսաւ. «Այսօր անվերապահ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ սուրիահայերու մուտքն ու ներկայութիւնը ստեղծեց թարմութիւն ու մանաւանդ փոխ աշխատանքի հաճելի միջավայր մը: Հակառակ իրենց երիտասարդ ու արդիական երեւոյթին, անոնք պահած են մեր հայկական ա’յդ նահապետական ընտանիքի առողջ սկզբունքները: Շաղուըուիլը շատ դիւրին եղաւ, եւ ես – վստահաբար շատերը ինծի պէս – բախտաւոր ենք այս միացեալ ջերմութեան»:

«Ապագայ» շաբաթաթերթի եւ ABAKA NEWS.COM- ի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց «Ապագայ»-ի ժրաջան եւ գործունեայ խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեանը, որ ըսաւ թէ անցեալ շաբաթ «Ապագայ» շաբաթաթերթը հրատարակեց իր 2090-րդ թիւը, իսկ ABAKAnews.org-ը բոլորեց իր երկրորդ ամբողջական տարուան մը շարունակական սփռումը»: Ան մատնանշեց, թէ «Ապագայ»-ն թեւակոխեց իր 41-րդ տարին, որ Գանատահայութեան, առաջին հայկական շաբաթաթերթն է իր եռալեզու բովանդակութեամբ, ու յայտնեց՝ թէ «Ապագայ»-ն միայն իր թերթը չէ եւ ամէն ոք պէտք է պարտականութիւն զգայ իր մասնակցութիւնը բերելու, որպէսզի կարենանք յաջողութեան վերելքին հասնելով եւ թերթի մակարդակը աւելի լաւ ու մատչելի դարձնելով, մեր ընթերցողներու նուիրումին աւանդը իրականացնենք: Նաեւ ան գնահատեց Տիկ. Սալբի Մարկոսեանը եւ թերթին համար բոլոր աշխատողները:

Պրն. Աւետիս Պագգալեան շեշտեց, որ եթէ կան անհատներ, որոնք առաջարկներ կամ նոր գաղափարներ ունին թերթին բարելաւման համար, «Ապագայ»-ի դռները միշտ բաց են:

Միութեան ատենապետ պրն. Արթօ Մանուկեան բարձր գնահատեց Ապագայ շաբաթաթերթի եւ ABAKAnews.org-ի գործունէութիւնը եւ արձագանգելով շատ մը բաժանորդներու վկայութեան անդրադարձաւ որակի բարելաւման եւ նիւթերու այժմէականացման, ապա յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց «Ապագայ» շաբաթաթերթի անձնակազմին:

«Հայ բեմ» թատերախումբի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց բազմակողմանի բեմադրիչ Տիկ. Նանսի Իսսա Թորոսեանը, որ ըսաւ՝ 2016 տարին, որ նաեւ Հայ Բեմ-ի 40 ամեակի տարին էր, անգամ մը եւս եղաւ շատ արդիւնաբեր եւ գոհունակութիւններով լի շրջան մը թատերախումբին համար:

Տիկ. Թորոսեան մէկիկ-մէկիկ տեղեկացուց իր թատրերգութիւններուն վերաբերեալ իր զեկուցագիրին մէջ, թէ իր օգնականներու թիւը մօտաւորապէս հասած է 85-90- հոգիի, նաեւ հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարի մեծ թիւով Սուրիահայեր միացած են «Հայ Բեմ»-ի աշխատանքներուն:

Նանսին յայտնեց, թէ թատերախումբի խոչընդոտները յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է օժանդակ յանձնախումբեր ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ «Հայ Բեմ»-ի կարիքներուն: Խօսելով Հայ Բեմ Պատանեկան թատերախումբին մասին, ան ըսաւ, որ պատանիները հազիւ շրջաբերականները ստանալով խուռներամ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Զինուորն ու Հրէշը»-ի թատրերգութեան: Կազմուած էր նաեւ «Senior» երիտասարդներու «Coach»-երու խումբ մը, անշուշտ պատասխանատուներ եւ օգնականներ, բոլորը «Հայ Բեմ»-ի անդամներ:

Գնահատանքով ընդունուեցաւ «Հայ Բեմ»-ի գործունէութիւնը  ժողովականներու կողմէ: Ապա դոկտ. Կէօնճեան ըսաւ. «Լաւ բանի մասին խօսիլը շատ դիւրին է, սակայն աշխատանքը մէջտեղ հանելը՝ դժուար», ու կրկին շնորհաւորութիւններ յայտնեց Նանսիին ու աւելցուց թէ քաջատեղեակ ենք, որ Թէքէեանը իր գլուխը ունի Արթօ Մանուկեանի պէս անձ մը որ «Հայ Բեմ»-ին իր զօրավիգով եւ իր ներկայութեամբ կը սատարէ յաջողեցնել այս դժուարին աշխատանքը: Գլխաւորութեամբ Արթոյին եւ Նանսիին կ’իրականացուի այս դժուարին աշխատանքը:

Ճատրակի առնչութեամբ տեղեկութիւններ ստացանք պրն. Արթօ Մանուկեանէն: «Տիգրան Պետրոսեան» ճատրակի խումբը հիմնուեցաւ 2015 թուականին: Մեր երիտասարդ ուժերէն՝ Երուանդ Տէմիրճեանը պատասխանատուութիւն ստանձնած է ղեկավարելու խումբը: Ներկայիս մասնակից աշակերտներու թիւը հասած է 25-ի, եւ հաճոյքով տեղեկացուած է, որ զանազան մրցանակներ կազմակերպուեցան եւ ստացան բարձր գնահատականներ: «Ահաւասիկ մեծ գոհունակութեամբ պէտք է արտայայտուիմ, որ դասընթացքները կը շարունակուին ամէն Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ 9-ը» ըսաւ ան:

Նիւթական տեղեկատուութիւնը ներկայացուց պրն. Հրաչ Թորիկեան, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց տիկ. Սալբի Մարկոսեանին, հաշիւներու առնչութեամբ իր օգտակար աշխատակցութեան համար ու բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

Պրն. Աւետիս Ճիհանեան ներկայացուց զեկուցումը հաշուեքննիչ յանձնախումբի: Ան շեշտեց թէ չէին կրցած ձեռնարկներու առնչութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալ եւ կը փափաքին, որ յաջորդ ժողովին դասաւորուած եւ լուծուած ըլլան հաշուակալական մանրամասնութիւնները որպէսզի մանրակրկիտ քննելով հասնին յաջողութեան: Այդ հարցը իր լուծումը կը գտնէ, եթէ հաշուետուութեամբ զբաղուող անհատները հաշիւները պահանջեալ ձեւով եւ ճիշդ ժամանակին ներկայացնեն:

Վարչական անդամներու ընտրութիւնը տուաւ հետեւեալ արդիւնքները՝ Արթօ Մանուկեան, Նուպար Պապիկեան, Պերճ Գոգորեան, Տէմսի Արզումանեան, Սարգիս Մարաշլեան, Ալէն Էսսէն, Վիգէն Աբգարեան, Ծովակ Սողիկեան, Աբրահամ Տէմիրճեան, Խաչիկ Ճէրճեան եւ Նորա Եագուպեան:

Օրուայ ատենապետի փակման խօսքէն յետոյ ժողովը աւարտեցաւ ժամը 12:30-ին:

Այսու կու գանք նաեւ մատուցել մեր գնահատական խօսքերը բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին մեր տարեշրջանի գործունէութեանց, որոնց կարգին՝ ԱՊԱԳԱՅ-ի անձնակազմը, ՀԱՅ ԲԵՄ-ի բոլոր մասնակից ուժերը, ABAKAnews-ի բոլոր օժանդակողները, ԹՄՄ-ի երիտասարդները, Տիկնանց Յանձնախումբի ժրաջան անդամները, քարտուղարութիւնը, նուիրատուները եւ ի վերջոյ դուք, որ անսակարկ կերպով նեցուկ կանգնեցաք մեր աշխատանքին:

 Դիւան Ընդհանուր Ժողովի