Հայ Բեմ-ի 40 ամեակի թատերական Փառատօն

( Ա մաս )

Փոխադարձ երախտագիտութեան Փառատօն

Լուրջ այլ օրինակելի երկու շաբաթավերջերու պատասխանատուութիւնը ծանրացած էր Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչութեան ուսերուն: Կազմակերպուած էին՝ «Հայ Բեմ»ի նուիրուած 40 ամեակի թատերական փառատօն (26,27 եւ 3 Դեկտեմբեր 2016), ինչպէս նաեւ յարգանքի մատուցում թատերախումբին 40 տարիներու բոլոր աշխատողներուն (26 Նոյ.-ի երեկոյեան) եւ վերջապէս իբրեւ եզրափակիչ հանդիսութիւն Ամերիկայէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տիար Արթիւր Էլպաքեանի բեմական մենախօսական կատարումը monologue (4 Դեկտ.) ի պատիւ մեծն վարպետ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանի:

*******

1976-ին «Հայ Բեմ»ի հիմնադրութեան առիթով պրն. Պերճ Ֆազլեան բեմադրած էր Կոկոլի «Ամուսնութիւն»ը: Իսկ այժմ (26,27 եւ 3 Դեկտեմբեր 2016) ին, նոյն թատերգութիւնը կը հրամցուէր նոր մշակումով ու թարմ բեմադրութեամբ՝ Նանսի Իսսա Թորոսեանի կողմէ:

«Ամուսնութիւն»-ը ռուսական բարքերու մէջ թաթխուած, թէեւ ժամանակավրէպ նիւթ մըն էր սակայն Նանսիի բեմադրիչի տաղանդն ու երեւակայութեան թռիչքը, եւ վերջապէս «Հայ Բեմ»ի դերակատարներու կարգապահ ու իրարու հանդէպ հարազատ զգացումները, կրցած էին այդ նիւթը փոխարկել բեմարուեստի բարձր մակարդակի հասնող ներկայացումի մը: Սահող աթոռները, դիմանկարներն ու անոնց պատկանող իրական թեկնածուները, տեսարաններու կամ դէպքերու յարմար երաժշտական մասնակցութիւնը եւ վերջապէս անխտիր բոլոր դերակատարներու բնական խաղարկութեան նրբութիւնները, հաւաքածոյ մը եղան յաջողութեան ծաղկեփունջին, որ նուիրեց Նանսին՝ հայ թատերասէր հասարակութեան: Այս արուեստագիտուհին գանձ մըն է մոնթրէալահայ գաղութին, թերեւս բոլոր հայ գաղութներուն եւ վստահաբար արդի թատրոնի աշխարհին:

Բոլոր դերակատարներուն ելոյթը եղաւ սրընթաց ու անսայթաք: Գիտակցօրէն անոնք կրցան փոխանցել իրենց վստահուած նկարագիրը:

Ճոնի Գարամանլեան՝ պասաւոր (Haigovich). հնազանդ այլ դժգոհ, թաքնօրէն ըմբոստ:

Մարի Լօր Սիմըթիէ՝ սպասուհին (Hasmigovna). ամենէն խօսունը իր … լռութեամբ:

Գրիգոր Ոսկերիչեան՝ խնդրոյ առարկայ թեկնածուն (Artovich). առանց դանդաղելու ու դանդաղցնելու մինչեւ վերջ:

Արփի Սողոմոնեան՝ միջնորդ կինը (Nadievna) իր դերին պատշաճ ճկուն շարժումներով:

Արամազդ Իսրայիլեան՝ միջնորդ բարեկամը (Mihranevich). խանդավառութիւն եւ շարժում ստեղծող:

Միրնա Գարամանուկեան`հօրաքոյրը (Shakovna). իսկական հօրաքոյր մը իր հանդարտութեամբ ու խրատներով:

Յակոբ Րէճէպեան՝ թեկնածուներէն մին (Berdjovich). իւրայատուկ եւ ինքնատիպ մարմինի ու դիմագիծի արտայայտութիւններով:

Րաֆֆի Սարգիսեան՝ երկրորդ թեկնածուն (Hagopovich). Ֆրանսերէնը սիրող բայց ֆրանսերէն ոչինչ հասկցող:

Վրէժ Այվազեան՝ 3րդ թեկնածուն նաւաստին՝ (Noubarovich). միայն արտաքինի ու երեւոյթի հետաքրքրութեամբ լեցուն:

Ժան Արապաթլեան՝ 4րդ թեկնածուն (Arayevich). շատ յաջող իր ծիծաղով եւ խմիչքով:

Այս 4 թեկնածուները յատկանշօրէն փայլեցան իրենց ներդաշնակ դերակատարութեամբ:

Իրենց մուտքը, ելքը եւ ներկայութիւնը ստեղծեց պահանջուած աշխուժութիւնը (energy).

Հուսկ ուրեմն Քլօի Պալեան՝ տան օրիորդը, հարսնցուն (Marievna). նուրբ ու շնորհալի – երբեմն յուսահատ պոռթկումներով – հաճելի ներկայութիւն մըն էր բեմին վրայ:

Այստեղ պատեհ առիթն է յիշել ներկայացման վերջաբան տեսարանը ուր (Marievna)ն իր ճոխ հագուստներով առանձին նստած, ջղային ծիծաղով մը կը ցնցէ հանդիսատեսները, ձգելով անոնց հարցման նշանի տակ: Արդեօ՞ք այդ ծիծաղը ուրախութեա՞ն, յուսահատութեա՞ն, յարուցուած խնդիրներու վերջնական սփոփո՞ւմ ու հանգստութի՞ւն, թէ կրկին մտահոգութիւն էր: Այդ ջղային ծիծաղը կը ներփակէր այս բոլորը, թողելով հանդիսատեսին անձնական մեկնաբանութեան:

Որոտընդոստ ծափերու եւ խանդավառ «հուռաներու» մէջ, վերջ պիտի գտնէր ներկայացումը … երբ պատահեցաւ անակնկալը:

(26 Նոյեմբեր)

Միութեան ատենապետ Տիար Արթօ Մանուկեան, յաղթական փակման խօսքով, բեմ հրաւիրեց 40 տարիներու ներկայ բեմադրիչները: Նանսի Իսսա Թորոսեան (2012-այսօր) Ժիրայր Բաբազեան (2011), Երուանդ Ղազանչեան (2009), Սէլմա Քէքլիկեան (1997-1998), Պերճ Ֆազլեան (1976-1983), Հերմինէ Պաթմանեան (1975) եւ  «Հայ Բեմ»ի հիմնադիր ողբ. Պերճ Ֆազլեանի որդին՝ Յարութ Ֆազլեան, որ այս առիթով, յատկապէս քաղաքս հրաւիրուած էր վայելելու համար թատերախումբին անդրանիկ, այլ կրկնուած, ներկայացումը:

Այս ոգեցնցող ուրախութիւնը կը հասնէր իր գագաթնակէտին երբ Հ Հ Սփիւռքի Նախարարուհի տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ պարգեւատրուած՝ եւ գաղութիս առաջնորդ Սրբ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի ձեռամբ՝ «Կոմիտաս» շքանշանը կը շնորհուէր «Հայ Բեմ»ին ու անոր ներկայացուցիչ Նանսի Իսսա Թորոսեանին: Եւ այդ պահին էր որ յուզուած, Նանսի դանդաղօրէն յառաջացաւ բեմին վրայ, դողդոջուն ձեռքով հանեց գրպանէն, գրուած իր «սրտի խօսք»ը: Յիշեց հօրն ու մօր պատգամը: Շնորհակալութիւնները խեղդած էին զինք: Շնորհակալութիւն Աստուծոյ, խոնարհութիւն բոլոր ներկայ կամ արդէն բաժնուած բեմադրիչներուն ու սիրելինորուն, յարգանք իր բոլոր դերակատարներուն մանաւանդ շնորհակալութիւն Թ.Մ.Մ-ի վարչութեան եւ յատկապէս ատենապետին Արթօ Մանուեանին:

Սխալած չենք ուրեմն երբ կ’ըսենք .- ահաւասիկ օրինակելի երեւոյթ մը: Տարիներ սոյն թատերախումբին ծառայողները արժանավայել կերպով կը քաղէին իրենց տքնաջան աշխատանքին պտուղը, երախտագէտ Թ.Մ. Միութեան Վարչութենէն:

Սակայն այսպէս չէր վերջանար:

Բոլոր «Հայ Բեմ»ի անդամները կը հիւրասիրուէին Թ.Մ.Մեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ: Կը ներկայացուէր (լուսապատկերի վրայ՝ slide) 40 տարիներու յիշատակելի թատերական անցեալը, որուն վրայ պիտի հիմնուէր նորանոր յաջողութիւններով լի ապագայ մը:

Սա թատերական փառատօն չէր … սա փառքի՛ փառատօն էր:

Եւ այս պիտի շարունակուէր տակաւին  …

Ուրեմն յաջորդիւ:

(շար. յաջորդ թիւով եւ վերջ)

Պերճ Գոգորեան