ՄԵԾԱՐԱՆՔ Ի ՊԱՏԻՒ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԿ. ՌՕԶ ԵՒ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆԻ

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 18 Յունիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն Ի Վիրապէն տօնին եւ Եկեղեցւոյս անուանակոչութեան առիթներով, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցանեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան: Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Եղիա Քահանայ Գրվանճեանը, ինչպէս նաեւ  սարկաւագաց եւ դպրաց դասերն ու խուռներամ ժողովուրդը փութացին Մայր Տաճարի գաւիթը, ուր Սրբազան հայրը հանդիսաւոր բացումը կատարեց յատուկ յուշատախտակի մը, նուիրուած Եկեղեցւոյ, Առաջնորդարանին եւ այս գաղթօճախի զանազան Եկեղեցական, մշակութային ու կրթական հաստատութիւններու երկարամեայ բարերարներ՝ Տ. եւ Տիկին Գրիգոր եւ Ռօզ Տիգրանեաններու:

Սրբազան Հայրը իր գնահատական խօսքերուն մէջ բարձրօրէն գնահատեց բարերար Տիգրանեաններուն օրինակելի եւ ամբողջական նուիրումը մեր գաղթօճախին, հետեւորդը հանդիսանալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատաւոր կեանքին: Սրբազան Հայրը եզրակացուց ըսելով՝ «Մեր մաղթանքն է առ Աստուած ընդմիշտ առողջութիւն եւ յաջողութիւն իրենց թանկարժէք կեանքին: Թող անոնք իրենց տիպար օրինակով նախանձախնդիր դառնան նաեւ՝ այլ հաւատացեալներու կեանքի բարեփոխման եւ օրինակ հանդիսանան գալիք սերունդներու»:

Ներկայ ժողովուրդը ապա ուղղուեցաւ «Մարի Մանուկեան« Սրահ, ուր սպասարկուեցաւ գառնուկի Մատաղ, պատրաստուած՝ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

                                                                                                                                                 Թղթակից