Աթէշեանի դէմ բողոքը կը հասնի Պոլսոյ փողոցները

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի դէմ բողոքի ալիքը՝ դուրս գալով համայնքային շրջանակներէն՝ հասած է Պոլսոյ փողոցները:

Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ երբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը միջամտեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ Աթէշեանը վերադարձուց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին, համայնքին մէջ արքեպիսկոպոսին նկատմամբ յառաջացած դժգոհութիւնը սկսաւ արտայայտուելու անոր հանդիսապետութեամբ մատուցուած պատարագներու եւ համայնքային միջոցառումներու ընթացքին կատարուած բողոքի արտայայտութիւններով:

Իսկ այժմ, ի նշան բողոքի, անյայտ անձեր Պոլսոյ Քուրթուլուշ եւ Ֆերիքէոյ թաղամասերուն մէջ փակցուցած են թռուցիկներ, որոնց մէջ պատկերուած է պատրիարքի փոխանորդին դիմանկարը՝ աչքերը սեւ ժապաւէնով փակուած:

Պոլսոյ ոստիկանութիւնը հետաքննութեան սկսած է փակցնողներուն ինքնութիւնը պարզելու նպատակով: