Գարեգին Արք. Պէքճեան Իսթանպուլի փոխնահանգապետին հետ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ հանդիպում մը ունեցած է

Իսթանպուլի փոխնահանգապետ Ազիզ Մերճանը հանդիպած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ, արքեպիսկոպոս Գարեգին Պէքճեանի հետ՝ միասնաբար քննարկելով Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած խնդիրները:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Իսթանպուլի փոխնահանգապետ Ազիզ Մերճանը՝ որոշ ստուգումներ կատարելու նպատակով՝ այցելած է Իսթանպուլի Ետիքուլէի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոց: Քանի որ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը այդ ընթացքին հիւանդանոց կը գտնուէր, անոնք մօտ մէկ ժամ հանդիպում մը ունեցած են:

Մամուլի համար փակ այս հանդիպման ընթացքին՝ Պէքճեանը փոխնահանգապետ Մերճանին տեղեկութիւններ հաղորդած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ ներկայ զարգացումներուն շուրջ: