Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներառուի Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան ծրագրին մէջ

Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի գումարած նիստին, որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի՝ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ Սուրիոյ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին «Սուրիոյ պատմութեան» եւ «Օսմանեան կայսրութեան» առարկաները չեն ներառէր պատմական իրողութեան համապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերու վրայ եւ մաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «Սէյֆօ»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեան պահանջեց, որ պատմական դէպքերու թեման գիտական եւ պատմական ձեւով ներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ, կը հաղորդէ “Բերիոյ նիուզ”-ը:

Դոկտ. Արիսեան, նախարարին ուշադրութեան հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին համագործակցութեան համաձայնագրին, որ տարիներէ ի վեր չէ վերաշխուժացած: Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, հաստատեց, որ «Պայմանագիրը մեծ առիթ է սուրիացի ուսանողներուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը տարբեր մասնագիտութիւններու 30 բուհական թոշակ կը տրամադրէր»: