Թոմ Եանկի ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսը Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ

Յունուար 12-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանին կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ամբողջական շրջանակ` Պէյրութէն Նիւ Եորք» (Ֆուլ սըրքըլ, ֆրամ Պէյրութ թու Նիւ Եորք) ժապաւէնի ցուցադրութիւնը եւ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսը, որոնց հեղինակն է բրիտանացի Թոմ Եանկ: Ժապաւէնին բեմադրիչներն են Թոնի Խուրի եւ Ճեքսըն Ալլըրզ:

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարեց «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, թէ ուրախալի եւ յատկանշական է, որ ներկայ են Հայաստանի եւ  Բրիտանիոյ դեսպանները` իրենց տիկիններով, որոնք շրջապատուած են Լիբանանի կառավարութեան երկու հայ նախարարներով` Աւետիս Կիտանեան եւ Ժան Օղասապեան:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող շէնքին մէջ, որուն երկրաչափն է Եուսեֆ Աֆթիմոս: Ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ Հայկազեանի մշակութային շէնքին մէջ կը հիւրընկալուին Թոմ Եանկի ժապաւէնն ու գեղանկարչական գործերը:

Երեկոն ընթացք առաւ ցուցադրութեամբ Թոմ Եանկի երեք կարճ ժապաւէններուն, որոնք մէկ ամբողջական նիւթի մաս կը կազմեն:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու Թոմ Եանկի, որմէ ետք անոնք ըմբոշխնեցին անոր գեղանկարչական գործերը:

Թոմ Եանկի սոյն ժապաւէնի պատրաստութեան ճամբան կը սկսի, երբ ան դէմ յանդիման կը գտնուի մշակութային ժառանգութեան պատկանող մեծ տան մը առջեւ եւ կը զմայլի այդ կոթողին գեղեցկութեամբ: Ան մուտք կը գործէ այդ տունը, որ կը գտնուի Պէյրութի Ժըմմէյզէ շրջանին մէջ: Տունը, որ վերանորոգութեան կ՛ենթարկուէր, պատմական էջը պիտի բանար հայ ընտանիքի մը, որուն անդամները Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն ապաստանած էին Նիւ Եորք: Թոմ Եանկ այդ տան մէջ կը գտնէ իրեր եւ լուսանկարներ, որոնք կը պատկանէին այդ գերդաստանին, որ կը կրէր Պալումեան ազգանունը եւ որուն  երէցը` Մարտիրոս Պալումեան Ցեղասպանութեան վերապրողներէն էր: Թոմ Եանկ մշակութային այս կոթողէն, հոն գտնուած իրերէն ու լուսանկարներէն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարտիրոս Պալումեանի գերդաստանի պատմութենէն ներշնչուելով, նոյնինքն այդ տան մէջ կը ստեղծագործէ իր պատկերները, որոնք արտացոլումն են այդ տան ամբողջ պատմութեան:

Թոմ Եանկ չի բաւարարուիր ստեղծագործելով Պէյրութի մէջ, ան կ՛ուղղուի   Նիւ Եորք եւ մօտէն կը ծանօթանայ Պալումեան գերդաստանի ժառանգորդներուն եւ իր ստեղծագործութիւններէն մէկը, որ այդ մշակութային տան համայնապատկերն էր, կը զետեղէ Պալումեաններու Նիւ Եորքի տան պատին վրայ` ձեւով մը անոնց վերադարձնելով իրենց ժառանգութիւնը եւ յիշողութիւնները: