Ժընեւի մէջ՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25 ամեակին նուիրուած համերգ

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ, 25 Օգոստոսին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Երեկոյի մասնակիցներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ՝ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն՝ երեք հազար տարուան պատմութեան ընթացքին տարբեր մշակոյթներու, կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման քառուղիին վրայ գտնուող հայ ժողովուրդի հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական արուեստը զուիցերիացի հանդիսատեսին լաւագոյնս ներկայացնելու կարելիութեան համար:

Հայ արուեստի մեծ երախտաւորներուն, ինչպէս միջնադարեան, այնպէս ալ արդի շրջանի երաժշտական արուեստի առանձնայատկութիւններու ներկայացումով հանդէս եկած է Ժընեւի բարձրագոյն երաժշտանոցի տնօրէն Եւա Յարութիւնեան:

Համերգին ընթացքին միջազգային տարբեր մրցումներու դափնեկիր, դաշնակահար Եւա Յարութիւնեանի, մեներգչուհի Ժու-լիէթ Գալստեանի, տուտուկահար Լեւոն Չատիկեանի, ջութակահար Ֆիլիփ Թալեքի եւ քլարինէթահար Տմիթրի Ռասուլ-Քարայեւի կատարողութեամբ հնչեցին Կոմիտասի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները: Հայկական պարի փայլուն ներկայացումով հանդէս եկաւ երիտասարդ կատարող Աննա Գրիգորեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դեսպաններ եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: