Իսթանպուլի Պալըքլը հայկական գերեզմանատան մէջ խաչքար մը տեղադրուած է

Իսթանպուլի Պալըքլը գերեզմանատան մէջ Հայաստանէն տարուած խաչքար մը տեղադրուած է:

Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին` չափերով բաւական պատկառելի խաչքարին օծումը տեղի ունեցած է օրեր առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւորականներուն իրականացուցած ծիսակարգով: Արարողութիւնը գլխաւորած է պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը:

Կը նշուի, որ խաչքարը պատրաստուած եւ Թուրքիա տեղափոխուած Իսթանպուլի Սամաթիա թաղամասի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ կառավարման խորհուրդի անդամներ Արիս Տէմիրի եւ Սեւան Տուրմազի մեկենասութեամբ:

Խաչքարին մօտ՝ Սուրբ Յարութեան եւ Ծննդեան տօներուն յաջորդող օրերուն մեռելոցի ծիսակարգ պիտի կատարուի: