Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորին «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար պատժած են` երեք նիստի աշխատանքներէն հեռացնելով զայն:

Թուրքիոյ Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկման ժամանակ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, այդ յայտարարութեան համար որոշուած է զայն հեռացնել երեք նիստերէ:

Փայլան մասնաւորապէս յայտարարած է, որ 1913-­1923 թուականներուն երկրին մէջ գրանցում ունեցած հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրէաները «մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքով այս հողերէն կամ աքսորուած են կամ տանջանքներու  ենթարկուած»:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւորներուն զայրացուցած է Փայլանի յայտարարութիւնը: Խորհրդարանի փոխ խօսնակ Ահմեթ Այտանը պահանջած է Փայլանէն ուղղել իր խօսքերը` ըսելով, որ այդ ժամանակաշրջանին եղած են «փոխադարձ ցաւալի իրադարձութիւններ, որոնք, սակայն, չեն կրնար ցեղասպանութիւն որակուիլ»:

Սակայն հայ պատգամաւորը շարունակած է խօսքը` ըսելով. «Ժամանակին մենք (քրիստոնեաներս-ԵՌԳ․) բնակչութեան 40 տոկոսն էինք , այսօր 1000-­ի մէջ մէկն ենք: Մեր գլխուն բան մը եկած է, եւ ես ատոր ցեղասպանութիւն կ՛ըսեմ, ինչ ալ որ դուք զայն անուանէք: Հայ ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, թէ իր գլխուն ինչ եկած է: Հայրիկիս, պապիս գլխուն ինչ եկած, շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք զայն անուանէք, միասին առերեսուինք»:

Իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներ Մեթին Քիւլունքը պահանջած է «ուղղել ցեղասպանութիւն բառը»: Որոշուած է դադար տալ նիստին: Դադարէն ետք իշխող կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան պատգամաւորները դատապարտած են Փայլանի խօսքերը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորին «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար պատժած են` երեք նիստի աշխատանքներէն հեռացնելով զայն: Փայլանի խօսքերը հանուած են նիստի արձանագրութիւններէն։