Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի վերաշինութիւնը ընթացք առած է

Հալէպի Թիլել շրջանին մէջ գտնուող Կիլիկեան Ճեմարանը պատերազմի տարիներուն բախումնային գօտիի մէջ յայտնուեցաւ, քանիցս զինեալ ահաբեկիչներուն թիրախը դարձաւ։
Կիլիկեան Ճեմարանի աշակերտութիւնը, սակայն, իր ուսումնական կեանքը շարունակեց «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան կեդրոնէն ներս։

Օրերս վարժարանի դիմատետրի էջէն կ՚իմանանք, որ ընթացք առած է Կիլիկեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի շէնքին վերաշինութիւնը։