Մայր Աթոռէն ներս կը շարունակուին Պոլսոյ դռնփակ ժողովը

Մայր Աթոռէն ներս իր աշխատանքները կը շարունակէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան խնդրով դռնփակ նիստը: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Հայ Ձայն»ի Էջմիածին գտնուող ներկայացուցիչէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը երեքին սկիզբ առած նիստը մինչեւ այս պահը կը շարունակուի: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառի նախագահութեամբ ընթացող դռնփակ նիստին կը մասնակցին այս առթիւ Մայր Աթոռ ժամանած Պոլսահայ միաբաններ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան:
Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ այսօր սկիզբ առած նիստը պիտի շարունակուի նաեւ վաղը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու կը սպասուի նաեւ, որ վաղը ուշ յետմիջօրէին Մայր Աթոռը դռնփակ նիստին արդիւնքներուն վերաբերեալ յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս գայ: