Նոր յայտնաբերումներ Հրանդ Տինքի սպաննութեան մասին

Թուրքիոյ մաֆիոզ խմբաւորումներէն մէկուն պարագլուխը՝ Քուրշատ Եըլմազ, յայտարարած է, թէ 2005 թուականին կիւլենականներու Անգարայի պատասխանատուն իրեն առաջարկած էր սպաննել Հրանդ Տինքը: Վկայակոչելով թրքական Cumhuriyet- թերթը, այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Դատախազին տուած ցուցմունքին մէջ, Քուրշատ Եըլմազ պատմած է, թէ կիւլենականները ուզած են, որ ինքը նաեւ դառնայ իրենց մաֆիոզը: «Կիւլենականներէն Իսմայիլ Է-ն, որ կը համարուէր կիւլենականներու Անգարայի պատասխանատուն, ինծի ըսաւ, որ պէտք է սպաննել Տինքը, քանի որ ան կ՝ուզէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպպի ստեղծել: Ան ըսաւ, որ եթէ ես կազմակերպեմ սպանութիւնը եւ յանձնեմ սպաննողին, ինծի վնաս չի սպառնար: Երբ ես չընդունեցի այդ առաջարկը, անոնք իմ եւ իմ ընկերուհիի դէմ թակարդներ լարեցին»,- ըսած է Քուրշատ Եըլմազ: