Պաքուի մէջ Թրամբին պատկանող երկնաքերի ճակատէն պիտի վերացուի «Trump Tower» գրութիւնը

Երկուշաբթի՝ 16 Յունուար 2017-ին, Պաքուի մէջ սկսած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահին անունը կրող 33 յարկանի հիւրանոցին ճակատէն «Trump Tower» գրութեան վերացումը: Պատճառն այն է, որ Տոնալտ Թրամբ արգիլած է օգտագործել «Trump» անուանումը: Այս մասին կը գրէ «armtimes.com» լրատուական կայքը:

Թրամբին պատկանող «Trump Organization» ընկերութիւնը 2016 թուականի Դեկտեմբերին դադրեցուցած է շարք մը երկիրներու եւ, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի մէջ արտօնագրային նախագիծերու շուրջ կնքուած համաձայնագրերը: Ատրպէյճանի  պարագային խօսքը կը վերաբերի Պաքուի մէջ «Trump Tower» անունը կրող երկնաքերին: Նման որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Տոնալտ Թրամբ կը խուսափի պիզնէս շահերու եւ իր յետագայ քաղաքականութեան գործունէութեան բախումէն:

Այսպիսով, Ատրպէյճանի մէջ Թրամբի ընկերութիւնը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը եւ վերջ կը դրուի Ատրպէյճանի հետ ԱՄՆ նորընտիր նախագահին գործարար կապերուն, որ որոշակի մտավախութեան առիթ  տուած էր Հայաստանին:

 «Հայ Ձայն»