Սելինա Տողան Թրքական Մամուլին Մէջ Դրսեւորուած Հայերու Հանդէպ Ատելութեան Հարցը Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանին

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է թրքական մամուլին մէջ դրսեւորուած հայերու հանդէպ ատելութեան հարցին մասին նիւթերու մտահոգիչ վիճակագրութիւնը: Այս մասին, ըստ Tert.m-ի, յայտնած են Տողանի մամլոյ ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը հրապարակած էր թրքական մամուլին մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն մը, ըստ որուն՝ 2017-ի Յունուարէն Ապրիլ ժամանակահատուածին, թրքական մամուլին մէջ ազգայնական ձեւակերպումներուն եւ ատելութեան այլ դրսեւորումներու առաւելաբար թիրախ դարձախ են հայերը:

Տարուան առաջին 4 ամիսներուն ընթացքին, թրքական 70 լրատուամիջոցներու մէջ տեղ գտած են ազգայնական բնոյթ ունեցող 1876 յօդուածներ կամ լուրեր, որոնց մէջ 58 տարբեր ցեղային եւ կրօնական խումբերու հասցէին հնչած են 2335 ցեղապաշտական ձեւակերպումներ:

Ատելութեան դրդող ազգայնական ձեւակերպումներէն 439-ը վերաբերած են հայերուն, 433-ը՝ սուրիացիներուն, 298-ը՝ հրեաներուն, 2010-ը՝ ընդհանուր քրիստոնեաներուն, 198-ը՝ Յունաստանի յոյներուն, 166-ը՝ Թուրքիոյ յոյներուն: