Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեան. «Դամասկոսի հայ համայնքը ներկայիս համեմատաբար ապահով վիճակի մէջ է»

Վերջերս Սուրիոյ տարբեր քաղաքներ յաճախակիօրէն պայթումներու թիրախ կը դառնան, իսկ անցնող  քանի մը օրը բաւական ծանր էր յատկապէս Դամասկոսի համար: Այս մասին «Հայ Ձայն»ին տեղեկացուց  Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան: Սրբազան Հօր տրամադրած տեղեկութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ հակառակ համեմատական անդորրին, Սուրիոյ մէջ տակաւին օրհասական խնդիրները շատ են, իսկ անոնց մէջ առաջնայինը խմելու ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրն է: «Դամասկոսի  մէջ եւ անոր շրջակայքը որոտացած պայթումներու հետեւանքով ամբողջ քաղաքը յայտնուած էր ջուրի սակաւութեան կամ առհասարակ բացակայութեան խնդիրին առջեւ: Ուստի, որոշ շրջաններու մէջ մարդիկ սկսան  խմելու ջուր վաճառել: Ելեկտրականութեան խնդիր եւս կայ. օրական ընդամէնը քանի կը ժամով կը տրուի, իսկ առկայութեան պարագային ալ յաճախակի բնոյթ կը կրեն տատանումները: Մայրաքաղաքին մէջ կենցաղային հարցերը լուրջ մտածմունքի առարկայ են ցայսօր»,- պատմեց հոգեւորականը՝ աւելցնելով, որ օրեր առաջ պետական բանակի ներկայացուցիչները եւ տեղի զինեալները համաձայնութեան եկած են, եւ մօտ օրերս ջուրի խնդիրը պիտի լուծուի կամ ալ պիտի կանոնաւորուի անոր մատակարարումը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձանք օրեր առաջ Դամասկոսի մէջ գրանցուած պայթումին, որ եօթ քաղաքացիի կեանք խլած էր, եւ տեղի ունեցած էր իսրայէլեան օդուժի իրագործած հարուածին հետեւանքով: Հետաքրքրուեցանք, թէ արդեօք Սրբազան Հայրը որոշ լարուածութիւն կը նկատէ՞ Սուրիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ, եւ Սուրիոյ մէջ այս հարցին շուրջ ի՞նչ կարծիքներ կը հնչեն: Արմաշ Սրբազան, ի պատասխան մեր հարցին, նշեց հետեւեալը. «Կը կարծեմ՝ դժուար թէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բախում կամ ընդհարում տեղի ունենայ: Ըստ հրէական յայտարարութիւններուն, անոնք կը ռմբակոծեն, քանի որ տեղեկութիւններ ունին, որ զէնք կը տեղափոխուի. այս պատճառաբանութիւնը նորութիւն չէ, անցեալին այլ դէպքեր եւս եղած են»:

Հոգեւոր առաջնորդը աւելցուց, որ սուրիական կողմը մշտապէս կը դատապարտէ նման արարքները, բայց համապատասխան գործողութիւններու չի դիմեր՝ յաւելեալ լարուածութիւն չստեղծելու համար:

Մեր զրոյցէն պարզեցինք նաեւ, որ Դամասկոսի հայ համայնքը ներկայիս համեմատաբար ապահով վիճակի մէջ է եւ տեղի ունեցող ռմբակոծումներէն չէ տուժած: «Ի տարբերութիւն Հալէպին, ուր հայկական թաղամաս կայ, Դամասկոսի հայութիւնը ցրուած  կ’ապրի: Այս հանգամանքը թոյլ կու տայ, որ հայկական հաստատութիւնները՝ դպրոցներ, այլ կրթարաններ, ակումբներ ծաւալեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը, բայց համեստօրէն, ոչ անցեալին պէս: Երբ կը լսենք, որ այս կամ այն հարցը կը լուծուի կամ շուտով պիտի լուծուի, լաւատեսութեամբ կը  լեցուինք»,- իր խօսքին մէջ յայտնեց Սրբազան Հայրը՝ մասնաւորապէս նշելով, որ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան օրերուն հայ համայնքը շատ գեղեցիկ միջոցառումներ  կազմակերպած է, բոլոր ակումբներուն մէջ տեղի  ունեցած են ամանորեայ հանդիսութիւններ, Սուրբ ծննդեան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցած են մեծ թիւով հայեր: Ըստ հոգեւորականին, անզէն աչքով նկատելի էր հանդիսութիւններուն մասնակցող ժողովուրդին հանդարտութիւնը, հոգևոր հանգստութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ մարդիկ տակաւին ցանկութիւն ունին խրախճանքի համար յաւելեալ գումար ծախսելու:

Այնուամենայնիւ, տակաւին օրհասական ու շուտափոյթ լուծում պահանջող հարցեր կան. «Այս ամէնէն զատ, մարդիկ  կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիր մը ունին՝ ջուրի ու լոյսի խնդիրը, որուն կը գումարուի նաեւ Դամասկոսի անտանելի ցուրտը»,- ցաւով բարձրաձայնեց հոգեւորականը:

«Հայ Ձայն»