Խոր ցաւով տեղեկացանք ազգային եզակի բարերար Հ.Բ.Ը.Մ.եան երկար տարիներու գերագոյն ղեկավարութեան դիրքերու վրայ գտնուած Նազար Նազարեանի մահուան տխուր լուրը, որ տեղի ունեցած է Երկուշաբթի՝ 28 Օգոստոս 2023-ին, 98 տարեկան հասակին:
Հանգուցեալ Նազար նազարեանին կեանքի հաւատամքը եղած է՝ «անմնացորդ նուիրուիլ սեփական ազգին եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին եւ վայելել անոնց ծառայելու բերկրանքը»:
Իր կեանքին ընթացքին ան հովանաւորեց ազգաշէն գործունէութիւններ կրթութեան, ազգաշինութեան եւ առաջին հերթին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ գործունէութեանց ամենակարեւոր ոլորտներուն մէջ:
Իր լուսահոգի կնոջ Արտեմիսին հետ միասին անոնք իրենց զաւակներուն, Սեդային եւ Լեւոնին եւ անոր կնոջ Գլոտիային, ինչպէս նաեւ հինգ թոռներուն մէջ սերմանած են նոյն առաքինի յատկանիշները:
Նազար ծնած է Հալէպի Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու ընտանիքին մէջ, սակայն մեծցած է Լիբանանի մէջ՝ իր սիրելի եղբայրներուն՝ Կարպիսին, Նուպարին, եւ քրոջ Մարիին հետ: Անոնք բոլորն ալ Լիբանանի գաղութին ականաւոր եւ գործունեայ անդամները հանդիսացած են:
Նազար Նազարեան աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը որպէս դեղագործ: Սակայն ընտանեկան ասպարէզը ընդլայնելու համար ան 1950-ական տարիներուն արտագաղթած է Ա.Մ.Ն. ուր հանդիպած է իր կեանքի ընկերոջ Ուոթըրթանցի Արտեմիս Թոփչեանին:
Ամերիկեան աշխարհին մէջ տնտեսապէս բացառիկ յաջողութեան հասած ըլլալով, Նազարեան ամոլը փափաքեցաւ կիսել իրեն յաջողութեան պտուղը հայկական նպատակասլաց կարեւոր նախաձեռնութեանց հետ: Անոնք առատաձեռնօրէն նպաստեցին հայ գաղութի զարգացման ոչ միայն իրենց բնակավայր Նիւ-Եորքի շրջանին մէջ, այլ նաեւ աշխարհատարած բազմաթիւ գաղութներուն մէջ եւ ի վերջոյ նաեւ մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի մայր երկրին մէջ:
Բնական էր որ Նազար հաւատալով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ազգանուէր գործունէութեան, շուտով մաս կազմէր սփիւռքի այդ մեծ կազմակերպութեան գերագոյն ղեկավար մարմիններուն:
1978-էն մինչեւ 2007 ան եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ, գանձապահի եւ փոխ նախագահի պաշտօններով: Այնուհետեւ եղած է Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, ապա՝ Պատուոյ Հոգաբարձու: Ան ամէնամտերիմ խորհրդակիցներէն մէկն էր հանգուցեալ ցկեանս Նախագահ Ալեք Մանուկեանին:
Նազարեան ամոլը առաւելաբար Հ.Բ.Ը.Մ.-ի շրջանակներուն մէջ մասնաւորաբար կրթական բնագաւառին մէջ աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ օժանդակած են դպրոցներու, հիմնած են կրթաթօշակներ եւ համայնքային կեդրոններ: Ասոնց շարքին կարելի է յիշել Պէյրութի «Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեան» նախակրթարանը, Նիւճըրզիի «Լեւոն Նազարեան» դահլիճը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Մանուկեան Դեմիրճեան» վարժարանի «Արտեմիս Նազարեան նախակրթարանը Պոէնոս Այրէսի» «Նազարեան սրահ»ը եւ այլ բազմաթիւ նման բարերարութիւններ:
Նազար եւ Արտեմիս Նազարեան ամոլը եղած է նաեւ մեծագոյն քաջալերողներէն եւ հաւատացողներէն աւանդապահ Ռ.Ա.Կ.-եան, եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ազգանուէր գործունէութեանց:
Նազար եւ Արտեմիս նաեւ առատաձեռնօրէն զօրավիգ դարձած են Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ առողջապահական ծրագիրներու ինչպէս ստեղծումովը հիւանդանոցներու եւ «Լեւոն եւ Գլոտիա» ultrasound կեդրոնին: Նոյնպէս իրենց նուիրատուութեամբ է որ Երեւանի մէջ 2015 թուին կառուցուեցաւ 5000 քմ. տարածութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան շքեղ կեդրոնը:
Նազար Նազարեան որպէս հաւատացեալ՝ բացառիկ սէր ունէր հանդէպ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ: 1969 թուին ան հովանաւորներէն մէկն էր Նիւ-Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարի կառուցման ժամանակ:
Գլխաւոր նուիրատու եւ հովանաւորներէն եղած է Թէնեֆլայի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ եւ Ս. Ներսէս հայկական ճեմարանին: Ան նաեւ գլխաւոր նուիրատուներէն է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի շինարարական ծրագիրներուն: Ան արժանացած է Մայր Աթոռի բարձրագոյն պարգեւներուն:
Նազարեանները հիմնած են նաեւ կրթաթոշակներ տարբեր համալսարաններու մէջ հայագիտական ծրագիրներու հետեւող ուսանողներու որպէս օժանդակութիւն:
Մէկ խօսքով ազգային բարերարներու շարքին Նազար Նազարեան անկասկած կը գրաւէ եզակի տեղ մը:
Խորազգաց Ցաւակցութիւններ
Ազգային մեծ բարերար Նազար Նազարեանի մահուան տխուր առիթով՝ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Մոնթրէալի Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան ակումբի վարչութիւնը, եւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին զաւակներուն, թոռներուն ինչպէս նաեւ իրենց սգակիր բոլոր պարագաներուն:
Երախտագիտութեամբ կը յիշենք հանգուցեալին գիտակից ազգային անհամար բարերարութիւնները եւ յատկապէս իր երկար տարիներու առատաձեռն քաջալերութիւնը մեր կազմակերպութիւններուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Աստուած լուսաւորէ անոր ազնիւ հոգին:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն Մոնթրէալ
Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան Ակումբ
«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթ