Դաշնակցային դատախազութիւնը կը մեղադրէ Էրտողանի թիկնապահները

Ամերիկեան մեծագոյն թերթերէն «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը տեղեկագրեն, որ Միացեալ Նահանգներու դատախազութիւնը մեղադրական ամբաստանագիր ներկայացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի տասէ աւելի թիկնապահներուն դէմ, որոնք մասնակից եղած էին Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատան առջեւ խաղաղ ցուցարարներու դէմ կատարուած ծեծուըրտուքին:

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ սրում յառաջացնող այս քայլին դիմող դաշնակցային դատախազութիւնը կրնայ պահանջել ամբաստանեալներու արտայանձնումը Թուրքիայէն, կամ արգիլել անոնց Ամերիկա մուտքը:

«Խաղաղ ցուցարարներու վրայ դաժան յարձակում» որակուած այս յանցագործութեան արձագանգողները Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կտրուկ քայլեր պահանջեցին Թուրքիոյ դէմ: Եղան նաեւ Թուրքիոյ դեսպանը Ուաշինկթընէն վտարելու պահանջներ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին ոստիկանութիւնը թուրք ծագումով երկու ամերիկացիներ՝ Էյուպ Եիլտիրիմն ու Սինան Նարինը ձերբակալած էր, մեղադրելով զանոնք «դաժան յարձակումին» մասնակից ըլլալու յանցանքով: Գանատայի քաղաքացի երկու այլ թուրքեր եւս մեղադրուած են նոյն յանցանքով:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Մայիս 16-ին թրքական դեսպանատան դիմաց խաղաղ ցոյց կատարողներու վրայ յարձակող երկու թուրք տղամարդ, որոնք ամերիկայի բնակիչներ են:

«Տը Տէյլի Քոլըր»ի վերոնշեալ տեղեկութիւնը փոխանցող աղբիւրը ձերբակալեալներուն ինքնութիւնը չէ բացայայտած:

Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ գրասենեակ ունեցող թրքական «Ուաշինկթըն Հաթթի» լրատուական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ձերբակալեալներէն մէկը՝ շինարարական ընկերութեան մը սեփականատէր Էյուպ Եըլտիրիմ, Յունիս 14-ին կալանուած էր Նիւ Ճըրզիի մէջ:

Ձերբակալուած երկրորդ անձը Վըրճինիայի բնակիչ Սինան Նարինն է:

Եըլտիրիմ տեսերիզով նկարուած է Լուսի Ուսոյեանը ծեծելու ընթացքին: Ծագումով քիւրտ Լուսին հիւանդանոց փոխադրուած էր՝ գլուխէն ստացած  հարուածներուն պատճառով: