Հայերէնով ատլասը Նիւ Եորքի աճուրդին վաճառուած է 37.500 տոլարով

Նիւ Եորքի Swann Galleries աճուրդի կեդրոնին մէջ աշխարհի հայերէն ատլասը վաճառուած է $37 500։  Ըստ «Fine Books Magazine»-ին՝ ատլասը վաճառուած է նախնական գինէն հինգ անգամ աւելի թանկ:

Ատլասը 1849 թուականին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ստեղծած է Յովհաննէս Ամիրա Դադեան` նպատակ ունենալով Արեւմուտքի գիտելիքները փոխանցել իր երկրին:

Ատլասին մէջ կան ձեռագործ տասը գունաւոր քարտէզներ, որոնց մէջ արեգակնային համակարգը պատկերող քարտէզ: Ատոնք բոլորը տպագրուած են Փարիզի մէջ: