ԱԶԱՏ ԲԵՄ – Դպրոցէն Ներս, Դպրոցէն Դուրս

Դպ­րոց­նե­րուն մէջ Հա­յոց լե­զու դա­սա­ւան­դող ու­սու­ցիչ­նե­րը արդ­եօք կը հե­տաքրքր­ուի՞ն թէ իրենց սեր­մա­նած հուն­տե­րը կը ծլար­ձա­կին, կը ծաղ­կին, կը պտ­ղին, թէ ոչ.  այ­սինքն` իրենց սոր­վե­ցու­ցած հա­յե­րէ­նը կ՛օգ­տա­գործ­ուի՞ աշա­կերտ­նե­րու առօր­եա­յին մէջ, թէ՞ կը մնայ դա­սա­րան­նե­րուն մէջ  ու գրա­ւո­րի թուղ­թե­րուն վրայ:

Ու­սու­ցիչ­նե­րը արդ­եօք դպ­րո­ցէն դուրս ականջ կու­ տա՞ն իրենց աշա­կերտ­նե­րուն խօ­սակ­ցու­թեան: Կը հե­տաքրքր­ուի՞ն արդ­եօք թէ աշա­կեր­տը ի՛նչ բա­ռամ­թերք կ՛օգ­տա­գոր­ծէ տան կամ փո­ղո­ցին  մէջ: Եթէ նկա­տեն անոնց կրկ­նուող լեզ­ուա­կան մե­ղան­չում­նե­րը, արդ­եօք դի­տո­ղու­թիւն կ’ընե՞ն, կը սաս­տե՞ն, կը պա­հան­ջե՞ն որ ճշգ­րիտ  բա­ռամ­թերք օգ­տա­գոր­ծեն:

Ապա թէ ոչ, ի՞նչ հասկ­նանք անոնց սոր­ված­նե­րէն, եթէ անոնք պի­տի չկի­րառ­ուին ու պի­տի չօգ­տա­գործ­ուին իրենց առօր­եա­յին մէջ: Այդ աշա­կերտ­նե­րուն դպ­րո­ցա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն ու գրա­ւոր­նե­րէն դա­տե­լով գնա­հա­տա­կան­ներ տա­լը, պար­զա­պէս ինք­նա­խա­բէ­ու­թիւն է եւ յում­պէտս վատն­ուած աշ­խա­տանք:

Այս մտո­րում­նե­րը կ՛ու­նե­նամ, երբ զբօ­սանք­նե­րուն կամ դպ­րո­ցէն դուրս ական­ջա­լուր կ՛ըլ­լամ աշա­կերտ­նե­րու  օգ­տա­գոր­ծած բա­ռա­պա­շա­րին: Բա­ռա­պա­շար մը, որ յա­ճախ հա­մեմ­ուած կ՛ըլ­լայ գու­նա­ւոր  հայ­հո­յանք­նե­րով:

Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ պատ­կե­րը տար­բեր չէ, այս­տեղ ալ աշա­կերտ­նե­րուն մա­քուր հա­յե­րէ­նը կը մնայ դպ­րո­ցի պա­տե­րէն ներս, մինչ դուր­սը կը շա­րու­նա­կեն խօ­սիլ իրենց ժա­ռան­գած փո­ղո­ցա­յին բա­ռամ­թեր­քով եւ խօ­սե­լա­ո­ճով:

Դա­սա­րա­նէն դուրս, երբ աշա­կերտ­նե­րուն օտար բա­ռե­րով «ողող­ուած» խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը լսեմ ու կը փոր­ձեմ դի­տո­ղու­թիւն ընել, սր­բագ­րել,  զար­մա­ցած կը նա­յին ու  կը ժպ­տին իրենց քի­թին տա­կէն: Ես վս­տահ եմ, որ անոնք յա­ջորդ օրն իսկ տան մէջ, կամ դուր­սը  պի­տի շա­րու­նա­կեն օտա­րա­մուտ բա­ռե­րով  խօ­սիլ, քա­նի որ իրենց ծնող­ներն ու ըն­կեր­ներն ալ այդ­պէս կը խօ­սին եւ իրենք անոնց դի­մաց «տա­րօ­րի­նակ» բա­ռեր պի­տի չօգ­տա­գոր­ծեն:

Ու­րե՞մն…

Ին­չո՞ւ դպ­րոց­նե­րուն մէջ հա­յե­րէն կը սոր­վին, եթէ պի­տի չօգ­տա­գոր­ծեն կամ շատ -շատ պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն դա­սի հա­մար կամ ալ շա­րադ­րու­թեան մէջ:

Գի­տենք որ սո­վո­րու­թիւն­ներ փո­խե­լը դիւ­րին չէ, մաս­նա­ւո­րա­բար անոնց հա­մար, որոնք իրենց փոքր տա­րի­քէն իւ­րա­ցու­ցած կ՛ըլ­լան այն­պի­սի սխալ­ներ, որոնք ընդ­հան­րա­ցած եւ տա­րած­ուած կ՛ըլ­լան իրենց շր­ջա­նա­կին մէջ: Սա­կայն անօգ­նա­կան ու ձեռ­նա­ծալ մնալն ալ սխալ է: Այ­սօր­ուան աշա­կեր­տը վա­ղը հա­մալ­սա­րան կ՛աւար­տէ ու աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէ­զի մը կող­քին,  միու­թե­նա­կան-ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թեան մը  մէջ կր­նայ ընդգրկ­ուիլ, ուր գրա­ւոր ու բա­նա­ւոր անս­խալ հա­յե­րէ­նը  անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է. ի՞նչ պէտք է ընէ ան այդ պա­րա­գա­յին, որ­պէս­զի ամօ­թով չմ­նայ: Պի­տի կա­րե­նա՞յ տա­րի­ներ առաջ իր սոր­ված­նե­րը (եթէ սոր­ված է) օգ­նու­թեան կան­չել, թէ՞ իր անմ­շակ առօր­եայ լե­զուով պի­տի ար­տա­յայտ­ուի:

Խօսքս փոք­րա­թիւ բա­ցա­ռիկ­նե­րուն մա­սին չէ, այլ անուղ­ղայ մե­ծա­մաս­նու­թեան մը:

Այս բո­լո­րը կ՛ըսեմ, քա­նի որ յա­ճախ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ շր­ջա­նա­ւարտ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րու ան­փա­ռու­նակ հա­յե­րէ­նը կը լսեմ ու կը կար­դամ եւ կ՛ափ­սո­սամ:

Ինք­նա­ճա­նա­չում ու­նե­ցող­նե­րը, երբ գի­տեն իրենց թե­րու­թիւնը, խօ­սե­լու, կամ գրե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը ու­րի­շին կը ձգեն, իսկ ան­տար­բեր­ներն ու իրենց թափթ­փած հա­յե­րէ­նը բա­ւա­րար նկա­տող­նե­րը ամե­նայն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ելոյթ կ՛ու­նե­նան` մե­ղան­չե­լով Ոս­կեղ­նի­կին դէմ:

Յակոբ Միքայէլեան