ԱՅՆԹԱՊԷՆ ՀԱԼԷՊ՝ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՆՐԲԱԳԵՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՑՈԼԱՑՆՈՂ ՇՔԵՂ ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔ ՄԸ

Անցեալ (2016) տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի, իսկ 2017-ի Նոյեմբերին ալ Հալէպի մէջ սարքուած անջատ զոյգ շնորհանդէսներով՝ հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուեցաւ արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ» («The Kalemkiarians») երկլեզու պատկերագիրքը։

Ինչպէս հեղինակը, այնպէս ալ՝ թէ՛ հրատարակուած գիրքը եւ թէ՛ անոր բովանդակութիւնը սերտօրէն կ’առնչուին Հալէպին։

Արդարեւ, Թոքմաճեան, թէեւ հայրենի արուեստաբան մըն է, բայց 90-ականներէն սկսեալ շուրջ քսան տարի ապրած, գործած ու ծառայած ըլլալով Հալէպի մէջ՝ արդէն հարազատ մէկ մասնիկը կը նկատուի այս գաղութին։ Իր գիրքը լուսարձակ կը բանայ Հալէպի ամէնէն համբաւաւոր պղնձագործ վարպետներուն՝ Գալէմքեարեաններու ընտանիքին վրայ։ Ու գործին հրատարակութեան նախաձեռնութիւնն ալ կը պատկանի Բերիոյ Հայոց Թեմին։

Երբ առաջին անգամ ձեռք առի այս նորատիպ հատորը ու նայեցայ անոր խորագիրին, անմիջապէս մտաբերեցի մեր երէցներուն կողմէ յաճախակիօրէն կրկնուող իմաստուն եւ իրաւացի խօսք մը, ըստ որուն՝ «իւրաքանչիւր ընտանիքի կամ անհատի կեանքը առանձին վէպ մըն է»։ Վէպ մը, որ հիւսուած կրնայ ըլլալ բազմաթիւ պատումներով ու յիշատակարժան դրուագներով։

Ահաւասիկ, Գալէմքեարեաններու կեանքին մէկ երեսը,- ա՛յն երեսը, որ կը վերաբերի իրենց արհեստին կամ արուեստին-, պատկերազարդ ու շքեղափայլ գիրքի մը ձեւով դրուած է մեր ընթերցասեղանին վրայ, իբրեւ իւրայատուկ վէպ մը։

«Գալէմքեարեան» մականունը, ինքնին, բացայայտիչ մականուն մըն է։ Անիկա յստակօրէն կը բնորոշէ արդէն այն արհեստը, որ որդւոց որդի, շուրջ երկու հարիւր տարի շարունակ, այնքա՜ն հմտօրէն ու այնքա՜ն զմայլելի եւ նախանձելի բծախնդրութեամբ կիրարկուած է այս ընտանիքին շառաւիղներուն կողմէ՝ Այնթապէն մինչեւ Հալէպ, մինչեւ 21-րդ դարու մեզի ժամանակակից թուականները։

«Գալէմքեար» բառը թրքերէն է անշուշտ։ Անոր ճշգրիտ իմաստը որոնելու համար՝ դիմեցի այդ լեզուով պատրաստուած արդի բառարանի մը։ Բայց բառը…չկար։ Շուտով անդրադարձայ սակայն, որ ատիկա հին թրքերէնին, այսինքն՝ տաճկերէնին կրնար պատկանիլ։ Ուստի, այս անգամ ալ դիմեցի ԺԹ. դարու Մխիթարեան վարդապետներէն Հ. Ամբրոսիոս ԳալՖայեանի տաճկերէնէ հայերէն հնատիպ բառարանին ու հոն անմիջապէս գտա՛յ փնտռուած բառը.- «Գալէմքեար»ին հայերէն հոմանիշն էր «քանդակիչ»ը («գալէմ» կամ «ղալամ» բառը, առանձինն, կը նշանակէ սրածայր մետաղէ գործիք՝ փորագրութեան համար)։

Բառարանին լուսաբանութիւնն ստանալէ ետք, մտածեցի, որ թերեւս աւելի արտայայտիչ ու պարզաբանող կրնար ըլլալ «նրբագեղ փորագրիչ» բացատրութիւնը, փոխան «քանդակիչ»ի։

Յետոյ, այս հապճեպ ստուգաբանութիւնը կատարելէ ետք, անդրադարձայ որ «Գալէմքեարեան» մականունը բաւական տարածուն մականուն մը կը շարունակէր մնալ մեր չորս դին։ Սիրելի ու մասնայատուկ մականուն մը՝ արեւմտահայերուս համար, հինէն մինչեւ այսօր, մանաւանդ որ անիկա սերտօրէն կ’առնչուէր մօտիկ անցեալի մեր գրականութեան ու եկեղեցական կեանքին ալ։

Արդարեւ, մենք կրնա՞նք մոռնալ գրագիտուհի Զարուհի Գալէմքեարեանը, բանաստեղծ Եղիայի մօտիկ ազգական, որուն անունը միշտ ալ կը զուգորդենք Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի կամ Զ. Եսայեանի նման կին գրողներու անունին ու կը դասենք զայն Ֆեմինիստ շարժումի յառաջապահներէն մին։ Հայ գրականութեան այս «մեծ տիկին»ը, գրական ծածկանունով՝ «Եւտերպէ»ն, որ 20-ական թուականներուն Ամերիկա անցեր էր արդէն, շարունակեց ստեղծագործել այնտեղ մինչեւ խոր ծերութիւն ու մահացաւ Նիւ Եորք, 1971-ին, գրեթէ 100 տարեկանին։

Կրնա՞նք մոռնալ այն միւս «Գալէմքեարեան»ը, զոր մեզի ընծայեց Արմաշու Դպրեվանքը,- Գնէլ վրդ. (յետոյ՝ եպիսկոպոս) Գալէմքեարեանը, որ Օրմանեան սրբազանին կողմէ ձեռնադրութիւն ստացած դպրեվանքեան Ա. հունձքին մաս կը կազմէր։ Ծառայեց գաւառի մէջ, Մուշ եւ այլուր։

Եւ տակաւին՝ Գրիգորիս ծ. վրդ. Գալէմքեարեանը (1862-1917), Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն, որուն մահուան հարիւրամեակն էր այս անցնող տարին։ Բանասէր եւ լեզուաբան դէմք մը, հայ գիրի երախտարժան սպասաւոր մըն ալ այս, որ գրի առած էր հայ մամուլի առաջին համապարփակ ամբողջական պատմութիւնը։

Այս անունները բոլորն ալ պոլսեցի են։ Անոնք առանձին-առանձին վերցուած, կամ միասնաբար առնուած, աշխա՜րհ մը կը բանան մեր առջեւ, այսինքն՝ կրնան նո՛ր վէպերու գրառումին մղել մեզ…։

 

***

Ստիպուած ենք սակայն, այսօր, լուսարձակ բանալ լոկ այնթապցի՛ Գալէմքեարեաններուն վրայ, որոնց կեանքին ու արհեստաւորական վաստակին պատմութիւնը մեր ափերուն մէջ դրած է արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեան, թէ՛ գրաւոր թանկագին տեղեկութիւններով, թէ՛ ալ հրաշալի ու խորապէս տպաւորիչ լուսանկարներով։

Գիրքը գրի առնուած է Հալէպ, Սուրիոյ ներքին պատերազմին ամէնէն թէժ տարիներուն։ Եւ կարծէք հեղինակը այսպիսով ուզած է ասպարէզ կարդալ մեր երդիքներուն վրայ տեղացող ռումբերուն եւ հրթիռներուն, անոնց յառաջացուցած մեծածաւալ քանդումներուն հակադրելով ստեղծագործական օգտաւէտ աշխատանքին հեւքը, խանդը եւ պտուղը։

Գիրքը 300 էջ է։ Անոր տպագրութիւնը իրականացած է Երեւանի «Տիգրան Մեծ» տպագրատան մէջ, մեկենասութեամբը լիբանանահայ գրասէր, ազնիւ ու բարերար ամոլի մը՝ Միմի եւ Արմէն Յարութիւննեանի։

Անմիջապէս ըսենք որ սովորական գիրք մը չէ ասիկա, այլ՝ շքեղ ու ակնախտիղ պատկերագիրք մը (ալպոմ), բազմահարիւր լուսանկարներով ու զուգահեռ ընթացող երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) բացատրութիւններով։ Եւ ուստի, անիկա ուղղուած կրնայ ըլլալ նաեւ օտարներուն, արուեստի ոչ-հայ շրջանակներուն։ Հայերէն մայր բնագրին անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Հայկուհի Մուրատեան։

Ոեւէ անհատ, որ այս պատկերագիրքը ձեռք կ’առնէ ու կը սկսի թերթատել զայն, արդէն անձնատուր եղած կ’ըլլայ տեսողական խրախճանքի մը։ Որովհետեւ լուսանկարները այնքան բարձր որակով տպուած են ու այնքան զմայլելիօրէն լոյս կը սփռեն Գալէմքեարեան վարպետներու ձեռային արուեստին վրայ՝ որ անհնար է անոնցմով չհմայուիլ։ Նոյնիսկ հայերէնի կամ անգլերէնի անգիտակ անձ մը եթէ թղթատէ այս պատկերագիրքը, դա՛րձեալ պիտի հմայուի, որովհետեւ լուսանկարները արդէն խօսուն են, ամէն ինչ կը բացատրեն լիովին ու իրենք զիրենք կ’արտայայտեն կատարելապէս։

Հրազդան Թոքմաճեան Հայաստանի ծոցէն հասած ու  միջին սերունդին պատկանող գեղանկարիչ մը ու արուեստի հմուտ մեկնաբան մըն է (ծնունդը՝ Կիւմրի, 1961)։ Օրն ի բուն աշխատող, անդուլ վազվզող ու ստեղծագործո՛ղ տարր մը։

Վերջին տարիներուն, մէկը միւսին ետեւէն, ան պատրաստեց ու հրատարակեց «կոթողային» կոչուելու արժանի շարք մը հաստափոր գեղատիպ մատեաններ, որոնցմով մեզի ներկայացուեցան նախ Մարաշի (2010), այնուհետեւ ալ Ուրֆայի (2014) եւ Այնթապի (2015) հայկական ասեղնագործութիւնները։

Իրերայաջորդ այս հրատարակութիւնները երեւան հանեցին արուեստագէտ Հրազդանին երկու թաքուն ա՛յլ արժանիքները եւս.

-Նախ՝ ազգագրագէտը, որովհետեւ ան գուրգուրանքով եւ մասնագիտօրէն կը վերաբերի ազգագրական ամէն իրի ու բեկորի. չ’ուզեր կորսնցնել կամ աննկատ թողուլ հինէն ժառանգուած որեւէ աւանդ։ Կ’ապրի ու կը շնչէ կարծէք այդ աւանդներով հիւսուած առօրեայի մը մէջ։ Ու եթէ հարիւր տարի առաջ ապրած ըլլար, վստահաբար խանդավառութեամբ պիտի մասնակցէր կովկասահայ նշանաւոր ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանի արշաւախումբերուն…։

-Յետոյ՝ պատմագիրը, որովհետեւ Թոքմաճեան ունի պատմելու, շարադրելու, նկարագրելու անվրէպ ձիրք մը։ Ու այս շնորհքը շա՛տ բան կը շահեցնէ իրեն, կը խթանէ իր գրաւոր ստեղծագործութիւնները։

 

***

Ոմանք կ’ըսեն, թէ հակառակ իրենց համբաւին՝ Գալէմքեարեանները դառնութիւններ ճաշակած ընտանիք մը եղած են։

Ճիշդ է ասիկա։

Մեծ Եղեռնի անդարմանելի հետեւանքները, դէպի Դամասկոս եւ Հալէպ իրենց աքսորը, իրենց արհեստին շարունակականութիւնը ապահովել չկարենալու մտմտուքն ու մնայուն ցաւը, ու տակաւին՝ ընտանիքին մէջ պատահած կանխահաս մահերը,  թունաւորած են Գալէմքեարեաններու խաղաղ կեանքը։

Բայց միւս կողմէ, ես զիրենք կը նկատեմ բախտաւոր ընտանիք մը, որովհետեւ ունեցան իրենց կեանքին վէպն ու վիպագիրը, յանձինս Հրազդան Թոքմաճեանի։

 

***

Հիմա, եկէ՛ք, միասնաբար շրջինք նորատիպ պատկերագիրքին էջերուն մէջ ու ողջունենք Գալէմքեարեան մեծ վարպետները։

Անգամ մը եւս յիշեցնենք, թէ երկու դարու պատմութիւն մըն է ասիկա։ Ընտանիքին նախնիները Այնթապի մէջ եղած են կլայագործներ։ Երբեմնի հայաշատ այդ քաղաքին «Ոսկերիչներու շուկայ»ի մուտքին՝ իրենց արհեստանոցին մէջ, անոնք  թէ՛ փայլեցուցեր են պղնձեայ պնակներ ու կաթսաներ, թէ՛ ալ նախնական գործիքներով շտկեր են անոնց ծռմռած մասերը։ Այս պատճառով ալ, անոնք  Այնթապի մէջ ճանչցուեր են «Գալայճը» կամ «Գալայճեան» մականունով։

Ընտանիքին ծոցէն ելած առաջին վարպետ արհեստաւորը, որ մեր դիմաց կը յայտնուի, Կարապետ խալֆէն է (1812-1885)։ Ինքնուս տիրապետեր է արհեստին, հռչակուեր է իբրեւ պղինձի վրայ բազմատեսակ նախշազարդեր փորագրող քանդակիչ։ Իր սեփական աշխատանքներէն ոչ մէկ նմոյշ պահպանուեր է դժբախտաբար, որովհետեւ անձնական դրոշմ կամ կնիք չէ օգտագործած։ Շառաւիղները պահեր են սակայն իր «ղալամ»ներէն շարք մը։ Իր լուսանկարն ալ չունինք։ Ստոյգ է որ Կարապետ խալՖէի օրով՝ «Գալայճը» մականունը փոխակերպուեր է «Գալէմքեարեան»ի ու ընտանիքը սկսեր է ճանչցուիլ այս նոր մականունով։

Ընտանիքին երկրորդ կարկառուն դէմքը Կարապետին որդին է՝ Մելքոնը,- Մելքոն ուստա Գալէմքեարեան (1859-1918)։

Իր ամբողջ գործունէութիւնը Այնթապի մէջ է։

Ունի՛նք իր լուսանկարը։ Պահպանուած են նաեւ իր օգտագործած բոլոր մուրճերն ու «գալէմ»ները։ Հրազդան կը վստահեցնէ մեզի, թէ «որպէս արհեստաւոր հօր ձեռքի տակ ձեւաւորուած՝ Մելքոնը կատարելապէս տիրապետել է ե՛ւ մուրճի գործին, ե՛ւ փորագրութեան ու դրուագումի գաղտնիքներին։ Նոյն յաջողութեամբ նա աշխատել է պղնձի, արծաթի եւ ոսկու վրայ» (էջ 25)։

Իր համբաւը Այնթապէն դուրս ալ տարածուեր է, որովհետեւ իր ձեռային աշխատանքները զարդարեր են Պոլսոյ, ՈւրՖայի, Անտիոքի եւ Կիլիկիոյ մեծահարուստներու տուները։

Մելքոն, իրաւամբ, «կիսաառասպելական դէմք մը» եղած է Այնթապի մէջ։ Ան իր արհեստանոցը բազմաթիւ աշկերտներու համար դարձուցեր է իսկական դպրոց մը, ինչ որ գրել տուած է հեղինակին՝ թէ «Գալէմքեարեան ընտանիքի գործունէութիւնը Այնթապում արհեստաւորութեան համար ունեցել է նոյն նշանակութիւնը, ինչ որ Ամերիկեան Գոլէճը՝ ուսման ոլորտում» (էջ 28-29)։

Մելքոն ուստան եղած է նաեւ ճարպիկ, հնարամիտ ու ստեղծագործ արհեստաւոր մը։

Շատ հետքրքրական է, զորօրինակ, այն դրուագը (էջ 29), ուր մեզի կը պատմուի՝ թէ Մելքոն ուստան ինչպէ՞ս հնարեց այն զօդանիւթը (լեհիմը), որ շատ դիւրահալ էր եւ պղնձեայ երկու մակերեսներ տոկուն կերպով իրարու կը զօդէր։ Կ’արժէր որ վերապատմէի զայն.-

Ուրեմն, կը պատմուի որ այնթապցի վարպետները բաւական դժուարութիւններու կը հանդիպէին՝ պղինձէ առանձին մասեր իրարու զօդելու ընթացքին, որովհետեւ զօդման համար օգտագործուող պղնձեայ բաղադրանիւթը դիւրահալ չէր։

Պարսիկ վաճառական մը Այնթապ կու գայ եւ ուստա Մելքոնին կ’առաջարկէ գնել իր բերած պարսկական նորատեսակ լեհիմը։

Վարպետը կը փորձարկէ զօդանիւթը եւ կը հիանայ անոր որակին ու արդիւնքին վրայ։ Պարսիկէն կ’ուզէ իմանալ անոր բաղադրութիւնը։ Այս վերջինն ալ, պարսիկներու յատուկ խորամանկութեամբ, նկատել կու տայ որ՝ ինք այդ լեհիմը ծախելո՛ւ համար Այնթապ եկած է, այլ ո՛չ թէ անոր բաղադրութիւնը բացայայտելու…։

Մելքոն չի յուսահատիր սակայն։ Երկարատեւ բազմաթիւ փորձերէ ետք՝ ի վերջոյ ի՛նք եւս կը հնարէ լեհիմ մը, որ իր որակով եւ արդիւնքով բնաւ չէր զիջեր պարսկականին…։ Եւ դեռ՝ ուստան այդ բաղադրութեան գաղտնիքը սիրո՛վ կը փոխանցէ քաղաքի հայ արհեստաւորներուն։ Կը նշուի տակաւին, որ Հալէպ հաստատուելէ ետք ալ՝ այնթապցի բոլոր պղնձագործները տասնամեակներ շարունակ իրենց լեհիմը կը պատրաստէին Մելքոն ուստայի գտած համաչափութիւններով…։

Մեծ Եղեռնի օրերուն, երբ Այնթապի հայերն ալ աքսորի ու տարագրութեան հրամանը կը ստանան ու ամէն մարդ կը սկսի իր տան ապրանքները ծախու հանել, քաղաքին կեդրոնական շուկային մէջ ամէնէն շատ պահանջուած իրեղէնները Մելքոն ուստա Գալէմքեարեանի ու իր որդիներուն գործերը կ’ըլլան։

Թուրք գնորդները իրարու հետ մրցումի կ’ելլեն՝ Գալէմքեարեաններու կնիքը կրող պղնձեղէնները աժան գիներով ձեռք ձգելու, այնուհետեւ ալ զանոնք սուղ գինով վերավաճառելու համար։

Հրազդան կը գրէ որ՝ ասիկա պատմութեան հեգնանքն էր։ Մինչ հայ վարպետներուն գործերը ձեռքէ-ձեռք կը յափշտակուէին հրապարակի վրայ, վարպետները իրենք՝ անտէր ու անպաշտպան, կը խառնուին տարագիրներու կարաւանին։ Իրենցմով հետաքրքրուող չկար…։

Մելքոն ու իր գաղթական ընտանիքը Հալէպ կը հասնին։ Այստեղ, հանրաճանաչ արհեստաւորը կը յաջողի տեսակցութիւն մը ունենալ Ճեմալ փաշայի հետ, Օթէլ Պարոնի անոր առժամեայ նստավայրին մէջ։ Ճեմալ կը թելադրէ իրեն Դամասկոս հաստատուիլ։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու Մելքոն Դամասկոսի մէջ է որ կը մահանայ 1918-ին, 59 տարեկանին, բծաւոր տիՖէ վարակուած։

Հոս կը փակուի Գալէմքեարեաններու Այնթապի էջը ու կը բացուի նոր մը՝ Հալէպի էջը։

 

***

Մելքոն ուստայի եօթը զաւակներէն միայն երկուքը մանչ էին՝ Յարութիւնն ու Աւետիսը։ Այս երկու եղբայրները, ապա նաեւ Յարութիւնին որդին՝ Յովհաննէսը, հանդիսացան այն գլխաւոր երեք դէմքերը, որոնք Գալէմքեարեաններու նրբագեղ արուեստը ծաղկեցուցին Հալէպի մէջ, շուրջ ութսուն տարիներու վրայ երկարող ժամանակահատուածի մը ընթացքին։

Մելքոն ուստային երէց որդին՝ Յարութիւնը, ծնած էր 1886-ին ու մահացած՝ Հալէպ, 1967-ին, 81 տարեկանին։ Հրազդան կը գրէ որ «ուղղամիտ, պարզ ու համեստ, աշխատասէր, մինչեւ ուղն ու ծուծը արհեստին նուիրուած Յարութիւնի նկարագիրը հօր խանութում է ձեւաւորուել»։

Եղած է հմուտ դրուագրող մը։ Երբ Յարութիւն կատարելապէս տիրապետած է արհեստին, հայրը՝ Մելքոնը, դեռ Այնթապի օրերէն, ի՛նք է որ տղուն համար առանձին կնիք մը շինել տուած է՝ որպէս «վարպետութեան վկայական»։

Իսկ եղբայրը՝ Աւետիսը, իրմէ երկու տարու փոքր, իր վարպետ արհեստաւորի անունին կողքին՝ վայելած է զինուորական ղեկավարի հռչակ, որովհետեւ գլխաւոր երեք կազմակերպիչներէն կամ առաջնորդներէն մէկն եղած է 1920-ի Այնթապի ինքնապաշտպանութեան ՝ Տ. Ներսէս աւ. քհնյ. Թաւուքճեանի եւ Ատուր Լեւոնեանի հետ միասին։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ՝ իր մասին շատ բան գրուած է, նոյնիսկ՝ առանձին գիրք մը («Յուշամատեան Աւետիս Գալէմքեարեանի», հեղինակ՝ Վահէ Կիւլեսէրեան, 1965, Պէյրութ)։

Երկու եղբայրները, իրենց հօր մահէն ետք, նախընտրեր են թողուլ Դամասկոսը ու հաստատուիլ Հալէպ, ուր սկսեր էր կազմաւորուիլ արդէն հայկական հոծ գաղութ մը։ Առ այդ, 1924-ին, անոնք բացեր են իրենց սեփական խանութ-արհեստանոցը քաղաքին Խանտաք պողոտային վրայ ու զայն բանեցուցեր են շուրջ քառասուն տարի, մինչեւ 1961։

Այդ թուականին է որ մահացեր է Աւետիսը, 73 տարեկանին, եւ արժանացեր՝ փառաւոր յուղարկաւորութեան մը։ Յետագային, իր շիրիմին վրայ պիտի կառուցուէր Այնթապի հերոսամարտի յուշակոթողը, ուր, ամէն տարուան Ապրիլ 1-էն, հալէպաբնակ այնթապցիները կը մէկտեղուէին՝ ոգեկոչելու համար իրենց հերոսները…։

Անկասկած, երկու եղբայրները, իրենց պապենական արհեստը վերածեր էին արուեստի, ու լայն շրջանակներու մէջ կը վայելէին մեծ համբաւ ու յարգանք։

Մեծահարուստ ընտանիքներու կրակարանները (փաշա մանղալ) Գալէմքեարեաններու ձեռքի գործն էին։ Անոնց ձեռակերտն էին նաեւ գեղեցիկ ափսէներ, բաղնիքի թասեր, մածունի դոյլեր, ծաղկամաններ, սափորներ, ճաշամաններ, բաժակներ, պնակներ, Աւետարանի կազմեր, քշոցներ, ջրօրհնէքի կաթսաներ, սկիհներ, աշտանակներ, եւ նոյնիսկ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետական խորհրդանիշը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները պարփակող Ս. Աջը, որմով սրբալոյս միւռոնը կ’օրհնուի եօթը տարին անգամ մը։

Հալէպի արաբ նշանաւոր ընտանիքները եւս մնայուն յաճախորդներն էին Գալէմքեարեաններուն,- Ճապրիները, Հանանօները եւ այլն։ Նոյնիսկ, Սուրիոյ Հանրապետութեան Ա. նախագահը՝ Շուքրի Քուաթլի, առիթով մը, 40-ական թուականներուն, այցելած է Խանտաքի իրենց խանութը եւ բարձր գնահատած է անոնց արուեստը։

Գալէմքեարեան եղբայրները, իսկապէս, անմրցելի վարպետներ եղած են իրենց արհեստին մէջ, ճի՛շդ Պոլսոյ Զիլճեաններուն նման, որոնք ծնծղաներու շինութեան անգերազանցելի վարպետներ էին՝ սերունդէ սերունդ եւ դարէ դար։

Ահա՛ դրուագ մը Աւետիս Գալէմքեարեանի կեանքէն.-

Օր մը, առաւօտուն, Խանտաքի իրենց խանութը կը մտնէ տեղացի արաբ յաճախորդ մը, ձեռքին մէջ՝ ծռմռած պղնձեայ սափոր մը, ու կը խնդրէ որ վարպետը նորոգէ զայն։

Աւետիս ստուգելէ ետք թէ սափորը իրե՛նց ձեռքի գործն է, կը խոստանայ տեղւոյն վրայ շտկել ու նորոգել զայն։

Յաճախորդը կը նստի խանութին մէկ անկիւնը եւ կը սպասէ գործին աւարտին։

Աւետիսի նման հմուտ վարպետի մը համար՝ վայրկեաններու հարց էր այս աշխատանքը։ Ուրեմն, մուրճի հաշուուած հարուածներով կը շտկէ սափորին մակերեսը, կը յղկէ զայն ու կը յանձնէ տիրոջ…։

Յաճախորդը գոհ է։

Բայց երբ կ’իմանայ՝ թէ որքա՞ն պիտի վճարէ, անակնկալի կու գայ ու կ’ընդվզի.

-Էֆէնտիմ,- կ’ըսէ զայրացած,- ընդամէնը քանի մը վայրկեան աշխատեցար. այսքան մեծ գումար պէտք չէ՛ ուզես։

Աւետիս, առանց ընդդիմախօսելու, յաճախորդին ձեռքէն ետ կ’առնէ նորոգուած սափորը ու քանի մը անգամ սալին զարնելով կը ծռմռէ զայն, գրեթէ այնքան՝ որքան ծռմռած էր նախապէս, ու կը դարձնէ տիրոջ…։

Մարդը ցնցուած է։ Չի գիտեր ի՛նչ պատասխանել կամ ինչպէ՛ս վարուիլ։ Սափորը առած՝ դուրս կ’ելլէ խանութէն…։

Այս պատմութեան վրայէն օրեր կ’անցնին։ Տեղացի յաճախորդին բարեկամները կը հասկցնեն իրեն՝ թէ Գալէմքեարեանները պարկեշտ արհեստաւորներ են ու սափորը շտկելու համար պահանջուած գինը տրամաբանական է, սուղ չէ։ Կը թելադրեն որ կրկին երթայ վարպետին քով, վճարէ պահանջուած սակը ու գործը վերջացնէ։

Աւետիս երկրորդ անգամ ըլլալով կը յղկէ սափորը, իր մուրճին մոգական հարուածներով կը շտկէ անոր մակերեսը ու կը յանձնէ յաճախորդին, կարելի արագութեամբ։

Սակայն, այս անգամուն՝ կը պահանջէ նախկինին ԿՐԿԻՆ ԳԻՆԸ, նկատի առած որ՝ երկո՛ւ անգամ աշխատած էր այդ սափորին վրայ…։

Յաճախորդը դարձեալ կը զայրանայ, կ’ընդվզի։

Իսկ վարպետը ամենայն հանդարտութեամբ կը պատասխանէ.«Քու սափորդ այսքան արագ չէր շտկուեր՝ եթէ մենք 150 տարի այս արհեստին մէջ չըլլայինք…»։

 

***

Գալէմքեարեան երկու վարպետ եղբայրներուն մահով, պահ մը, այն համոզումը գոյացեր էր՝ թէ անոնց տոհմային փառաւոր արհեստը այլեւս գերեզման մտեր էր…։

Աւետիս այս աշխարհին հրաժեշտ տուած էր ամուրի ու անժառանգ, իսկ Յարութիւնին երկու երիտասարդ մանչ զաւակները, որոշ շրջան մը իրենց հօր ձեռքին տակ մարզուելէ ետք, կանուխէն թողած էին Հալէպը ու մեկնած արտասահման, այլաբնոյթ աշխատանքի։ Խանտաքի համբաւաւոր արհեստանոցը վերջնականապէս փակեր էր իր դռները 1961-ին։

Բայց ահա, պատահեցաւ անսպասելին։

Վարպետ Յարութիւնին կրտսեր որդին՝ Յովհաննէսը, 70-ական թուականներու կէսերուն ընտանեօք վերադարձաւ Հալէպ ու հաստատամտօրէն որոշեց վերականգնել հօրենական արհեստը։ Բացաւ նոր արհեստանոց, տակաւ առ տակաւ ունեցաւ իր գնորդներու շրջանակը, սկսաւ գոհացում տալ ներքին ու արտաքին ապսպրանքներու։

Յովհաննէս, որ նոյնքան հմուտ ու անվիճելի վարպետ մըն էր՝ որքան իր նախնիները, զարմանահրաշ գիւտերով հետզհետէ զարգացուց պապենական արհեստին արուեստի երեսները, յատկապէս զարկ տալով եկեղեցական նախշազարդ սպասներու շինութեան։ Այսօր, իր ձեռակերտ սքանչելի գործերը ցրուած են աշխարհով մէկ՝ յաւելեալ փայլք տալով հայկական եկեղեցիներու ներքին մթնոլորտին։

Յովհաննէս Գալէմքեարեան շինեց սափորներ, շաքարամաններ, թէյամաններ, պտղամաններ, կլկլակներ, ծաղկամաններ, մատուցարաններ, բաժակներ, մոմակալներ, բայց նաեւ՝ խնկամաններ, մասնատուփեր, սկիհներ, միւռոնաթափ աղաւնիներ, միւռոնի սափորներ, նշխարի ամաններ, կանթեղներ, եպիսկոպոսական գաւազաններ, ժամագիրքի կողքեր, բուրվառներ, քշոցներ, ձեռաց խաչեր…, որոնք թանգարան մը լեցնելու չափ մեծ թիւ կը կազմեն։

Հալէպի իր բեղուն գործունէութիւնը տեւեց շուրջ 40 տարի։ Ու կարեւոր կէտ մըն ալ այն է՝ որ ինք կրցաւ գործին մէջ ներգրաւել նաեւ իր երէց եղբայրը՝ Մելքոնը, տղան՝ Արթունը, քրոջը որդին՝ Աւետիքը։ Արհեստին շարունակականութիւնը ապահովելու տեսակէտով՝ շա՛տ կարեւոր էր ասիկա։  Կրնանք ըսել, որ Գալէմքեարեաններու դարաւոր արհեստը նոր ծաղկում ու բարգաւաճում մը ապրեցաւ Յովհաննէսին շնորհիւ։

Ան մահացաւ երկու տարի առաջ, 2015-ին, 74 տարեկանին։ Իրմէ քսան տարի առաջ՝ մահացած էր Մելքոն եղբայրը 60 տարեկանին, իսկ իր միակ որդին՝ խոստմնալից Արթունը (որ նաեւ երաժշտութեամբ կը զբաղէր), անողոք հիւանդութեան մը զոհ գացած էր կանխահասօրէն, 2008-ին, 37 տարեկանին…։

Այնպէս կը թուի, թէ այլեւս վերջնականապէս շիջած է Գալէմքեարեաններու ընտանիքը. շիջած է նաեւ անոնց երկդարեայ արհեստը։ Տխո՜ւր իրականութիւն։

Յովհաննէսը կը պատմէ եղեր, որ երբ մանուկ տարիքին՝ մայրը զինք եկեղեցի կը տանէր, իր ուշադրութիւնը չցրուելու համար մերթ ընդ մերթ կ’ըսէր իրեն.«Տե՛ս, այս բուրվառն ու սկիհը, այդ մոմակալն ու խաչը մեծ հօրդ շինածներն են»…

Այսօր, մեր կարգին, մենք եւս մեր բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ կրնանք մատո՛վ ցոյց տալ Յովհաննէսին հիասքանչ գործերը։

Բայց նաեւ հայուն ու օտարին կրնանք ցոյց տալ կամ նուիրել Հ. Թոքմաճեանի այս պատկերագիրքը եւ ըսել.

-Հո՛ս է Գալէմքեարեաններու անկրկնելի արուեստը եւ հո՛ս է հայ վարպետ արհեստաւորին նրբագեղ ճաշակը։

Հալէպէն ծնած այս նոր գիրքը բոլո՜ր Գալէմքեարեաններուն դամբարանին վրայ կանգնեցուած անկորնչելի կոթող մըն է։

Լեւոն Շառոյեան

Հալէպ