Մեր Գանձը` Երիտասարդութիւնը

Մէկ կողմ ձգե­լով ոճիր­ներն ու մար­դաս­պու­նու­թեանց դէպ­քե­րը, որոնց­մով լի են տե­ղե­կատ­ուա­կան ցան­ցե­րը, Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­բաթ չ՛անց­նիր, ուր չլ­սենք անձ­նաս­պա­նու­թեան մը մա­սին` կամ տան առաս­տա­ղէն ինք­զինք կա­խե­լով, կամ Քի­եւ­եան կա­մուր­ջէն նետ­ուե­լով…

Սո­վո­րա­բար տղա­մար­դիկ են զո­հե­րը, երի­տա­սարդ­ներ, եր­բեմն ալ հա­սուն տա­րի­քի: Երի­տա­սարդ­նե­րը, հա­ւա­նա­բար սի­րա­յին յու­սա­խա­բու­թեան պատ­ճա­ռով, մե­ծե­րը, դարձ­եալ հա­ւա­նա­բար, պարտ­քե­րու տակ կքած ըլ­լա­լով ու անձ­նաս­պա­նու­թե­նէն բա­ցի այլ ելք չգտ­նե­լով:

Հա­կա­ռակ կրկ­նուող այս լու­րե­րուն, ամէն ան­գամ որ լսեմ, ցն­ցում մը կ՛ապ­րիմ, ոչ միայն սպա­նու­թեան լու­րի ըն­կա­լու­մին պատ­ճա­ռով, այլ անձ­նաս­պա­նու­թեանց պատ­ճառ­նե­րուն ու մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն կեան­քէն հե­ռա­նա­լուն հա­մար:

Անց­եալ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մին հա­րիւ­րէ աւե­լի  երի­տա­սարդ զի­նուոր­ներ կորսն­ցու­ցինք. ասոնց վրայ բար­դե­ցէք ճա­նա­պար­հա­յին վթար­նե­րու զո­հերն ալ ու հաշ­ուե­ցէք թէ մէկ տար­ուան ըն­թաց­քին քա­նի՞ երի­տա­սարդ կորսն­ցուց Հա­յաս­տա­նը:

Ազ­գի մը ապա­գան երի­տա­սարդ­նե­րուն ձեռքն է, իսկ մենք ան­դա­դար կը կորսնց­նենք զի­րենք: Արդ­եօք այս հար­ցը լուրջ քն­նու­թեան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան առար­կայ կը դառ­նա՞յ:

Քա­նիցս ակ­նարկ­ուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ երի­տա­սարդ­նե­րու թիւի նուազեցման մա­սին, բաղ­դա­տած երի­տա­սար­դու­հի­նե­րու գե­րակ­շիռ թիւին, Ռու­սաս­տան ու այլ եր­կիր­ներ գաղ­թած, կամ աշ­խա­տան­քի հա­մար եր­կի­րը լքած­նե­րուն պատ­ճա­ռով, սա­կայն երկ­րին սպառ­նա­ցող ըն­կե­րա­յին այս աղէ­տին մա­սին մտա­ծող կա՞յ:

Իմ կար­ծի­քովս հար­ցը շատ լուրջ է եւ վտան­գա­ւոր: Ըն­կե­րա­բան­ներ, հո­գե­բան­ներ, տն­տե­սա­գէտ­ներ… մէկ խօս­քով` պե­տու­թիւնը հե­տաքրքր­ուա՞ծ է այս հար­ցով, վի­ճա­կագ­րա­կան քար­տէզ մը կա՞յ ցոյց տուող, թէ տար­ուէ-տա­րի որ­քա՛ն կը պակ­սի երի­տա­սար­դու­թեան քա­նա­կը:

Յու­սա­հատ մար­դոց հար­ցե­րը քն­նար­կե­լու եւ անոնց օգ­նե­լու խորհր­դա­տու մար­մին մը կա՞յ: Հա­զիւ ինք­նա­շարժ վա­րել սոր­ված, ան­զուսպ, խենթ ու խե­լառ տղոց սան­ձար­ձա­կու­թեան սահ­ման դնող կա՞յ, նոյ­նիսկ իշ­խա­նա­ւոր մար­դոց զա­ւակ­նե­րուն:

Մէկ խօս­քով, մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նող կա՞յ: Ծնող­նե­րը շատ յա­ճախ անօգ­նա­կան վի­ճա­կի մէջ են եւ չեն յա­ջո­ղիր իրենց պա­տա­նի կամ երի­տա­սար­դու­թեան սե­մին կանգ­նած զա­ւակ­նե­րուն խօսք հասկց­նել, ու­րեմն ո՞վ իր վրայ պի­տի առ­նէ այս հար­ցին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը:

Այ­սօ­րի­նակ խն­դիր­ներ հիմ­նա­կան լու­ծու­մի կը կա­րօ­տին, պատ­ճառ­նե­րը ար­մա­տա­խիլ ընե­լու է, միայն պատ­ճառ­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը հաշ­ուե­յար­դա­րի են­թար­կե­լով գո­հա­նա­լու չէ: Ասոր հա­մար, ինչ­պէս վե­րը յի­շե­ցի,  մաս­նա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յա­տուկ յանձ­նա­խում­բեր կազմո­ւե­լու են` պայ­քա­րե­լու հա­մար թմ­րա­մո­լու­թեան, յու­սա­հա­տու­թեան եւ այլ վնա­սա­կար ախ­տե­րու դէմ:

Այս եր­կի­րը կը կա­րօ­տի ապա­գա­յի ԼԱՒ ղե­կա­վար­նե­րու, առողջ, հայ­րե­նա­սէր, առա­քի­նի… Որ­պէս­զի  կա­րե­նան Հա­յաս­տա­նը պահ­պա­նել եւ ծաղ­կեց­նել ու ժո­ղո­վուր­դին ալ բա­րօր կեանք մը ապա­հո­վել:

 

Յակոբ Միքայէլեան