ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ

Երե­ւա­նի Կո­մի­տաս պո­ղո­տա­յէն դէ­պի Օփե­րա գա­ցող հան­րա­կառ­քին մէջ նս­տած էր Անին:  Մա­յիս­եան հրա­շա­լի   իրիկ­նա­մուտ էր: Հան­րա­կառ­քը այդ­քան լե­ցուն չէր ամէն ան­գամ­ուան պէս եւ ան կր­ցած էր գրա­ւել նս­տա­րան մը: Կան­գառ­նե­րը արա­գօ­րէն կը յա­ջոր­դէ­ին իրա­րու: «Եր­թե­ւե­կու­թիւնը թե­թեւ է: Լաւ որ աւե­լի կա­նուխ չե­լայ ճամ­բայ»,- մտա­ծեց ան:

Ամե­րիկ­եան Հա­մալ­սա­րա­նի կան­գա­ռին տա­րի­քոտ կին մը բարձ­րա­ցաւ հան­րա­կառք եւ նս­տաւ Անի­ին  դի­մա­ցի նս­տա­րա­նին վրայ:  Անի­ին  թուե­ցաւ, թէ  իր մեծ մայ­րը կը տես­նէ: Նմա­նու­թեան    գի­ծեր    կա­յին  այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր մի­ջեւ:      «Մա­զե­րը ճիշդ մեծ մօրս մա­զե­րուն կը նմա­նին, հա­պա աչ­քե՜րը… կ՛ըսես  ամ­բող­ջու­թեամբ  ինքն է` մեծ մայրս»: Զու­գա­հեռ­ներ գծե­լու  իս­կա­կան պատ­ճառ­նե­ր փնտ­ռե­լով` երե­ւա­կա­յու­թեան թա­փը կտ­րեց:  Անդ­րա­դար­ձաւ, որ   զու­գոր­դու­մը մա­սամբ կը պար­տէր իր վառ երե­ւա­կա­յու­թեան:

Պահ մը յի­շեց ողոր­մած մեծ մայ­րը եւ իրեն թուաց, թէ անոր ձայ­նը  կը  լսէ հան­րա­կառ­քին աղ­մու­կին մէջ: Բայց այդ պարզ էր ար­դէն: Իր մեծ մօր ձայ­նը շատ տպա­ւո­րած էր զինք եւ յա­ճախ կը հն­չէր իր ական­ջին մէջ:

«Կր­նայ ըլ­լալ, որ մե­զի ազ­գա­կան կու գայ», ըսաւ մտ­քին մէջ, եւ նոյն ակն­թար­թին իսկ սկ­սաւ այլ վեր­լու­ծու­թիւն մը կա­տա­րել. հա­սաւ մին­չեւ Եղեռն…:

Իսկ այդ հիւս­ուած­քէն, հար­ցադ­րում­նե­րու տա­րա­փէն, Անի­ին միտ­քին մէջ ծնաւ հե­տապն­դող եւ հա­լա­ծիչ հար­ցու­մը. «Ին­չո՞ւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ: Ա՜խ, եթէ  միայն տե­ղի ու­նե­ցած  չըլ­լար…»:

Սրտ­ցա­ւէն ակն­թարթ մը ետք, Անի­ին ստեղ­ծա­գործ ու­ղե­ղը սկ­սաւ նկա­րել փո­խա­րի­նող իրա­կա­նութ­եան մը պատ­կե­րը:

«Հա­յաս­տա­նը մի­աց­եալ է, եւ մայ­րա­քա­ղա­քը Վանն է, քա­նի որ մայ­րա­քա­ղա­քը երկ­րի մը սիր­տը պէտք է գտն­ուի` անոր կեդ­րո­նը, չէ՞», հար­ցու­մը տուաւ ինքն իրեն եւ զգաց, որ այդ հար­ցա­կան մտա­ծու­մը դէմ­քին ալ հար­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը կու տայ եւ ժպ­տաց:

«Այո՛, Վանն է մայ­րա­քա­ղա­քը», վճ­ռեց եւ շա­րու­նա­կեց իր իմա­ցա­կան նկար­չա­կան աշ­խա­տան­քը: «Ես հի­մա, թե­րեւս, հոն ըլ­լա­յի», երկմ­տաց, «կամ, ըսենք, Պո­լիս»  ըսաւ  մտո­վի, երկ­րորդ ան­գամ մտա­ծե­լէ ետք: «Արդ­եօ՞ք քա­նի միլ-ի­ոն կ՛ըլ­լա­յինք»: Խոր­հե­ցաւ պահ մը հաշ­ուել: Բայց շու­տով  հրա­ժա­րե­ցաւ  այդ մտ­քէն: Թուա­բա­նու­թեան մէջ փայ­լուն`  միշտ ալ   խու­սա­փած էր այդ հաշիւը ընե­լէ, նոյ­նիսկ ընդվը­զած,  որով­հե­տեւ հա­մոզ­ուած էր,  որ ան­հե­թե­թու­թիւն է մար­դը թիւի վե­րա­ծե­լը: Ան­ցաւ առաջ: Փոր­ձեց  անուն­ներ տալ  ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած մէ­կու­կէս միլի­ո­նէն իւ­րա­քան­չիւ­րին… Եւ ահա այդ պա­հուն, կար­ծես թէ  խո­րա­պէս զգաց, ըմբռ­նեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րուն իմաս­տը եւ ար­ժէ­քը: «Մեր նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րը նա­հա­տակ պի­տի չկոչ­ուէ­ին, այլ մեր տա­ղան­դա­ւոր լու­սա­հո­գի գրա­գէտ­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին», մտա­ծեց  ափ­սո­սան­քով:

Անին  յի­շեց Անդ­րա­նիկ Ծա­ռուկ­եա­նի «Սէ­րը եղեռ­նին մէջ» գիր­քը, որ ըն­թեր­ցած էր տա­րի­ներ առաջ:

Վե­րապ­րե­ցաւ այդ գիր­քին պատ­մու­թիւնը եւ կս­կի­ծէն ու ափ­սո­սան­քէն  աւե­լի ընդվ­զում զգաց: Ձեռ­քը բռունց­քի վե­րա­ծեց` առանց զգա­լու, երբ մտ­քին մէջ կը  կրկ­նէր Սի­ա­ման­թո­յի խօս­քը. «Ով մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւն, թող ես թք­նե՛մ քու ճա­կա­տին»:

Հա­սած էր Օփե­րա: Կանգ­նե­ցաւ: Այդ հա­րա­զատ, բայց ան­ծա­նօթ կնոջ ժպ­տաց նր­բօ­րէն, եւ վճա­րե­լով վա­րոր­դին հա­րիւր դրամ` իջաւ հան­րա­կառ­քէն: Զգաց, որ  տրա­մադ­րու­թիւնը լաւ չէ: Նե­ղա­ցաւ իր մտա­ծում­նե­րէն: Այդ ուր­կէ՜ ո՛ւր նման մտա­ծում­ներ պա­շա­րած էին  զինք երե­ւան­եան պայ­ծառ  վեր­ջա­լոյ­սին:

«Ի՛նչ ալ ընեմ, ի՛նչ ալ ըլ­լայ, ա՛յս է իրա­կա­նու­թիւնը, փա­խուստ չկայ  այս մտա­ծում­նե­րէն», դժ­գո­հան­քով ակ­նար­կեց ինքն իրեն: Յե­տոյ` «Այս բո­լոր մար­դի­կը, կը մտա­ծե՞ն ին­ծի պէս: Թե­րեւս ամէն մարդ իւ­րո­վի  ձե­ւով կ՛ըմբռ­նէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը», եզ­րա­կա­ցուց  ան` գիւտ մը ընո­ղի պէս:

Մտա­ծում­նե­րը  կը յա­ջոր­դէ­ին իրա­րու:  Քա­լե­լով դէ­պի իր ժա­մադ­րա­վայ­րը` ներ­քին վճիտ ձայ­նով վըճ­ռեց, եւ այս ան­գամ աւե­լի հաս­տա­տուն կը զգար իր վճի­ռը.

«Պէտք է սկ­սիմ համացանցին մէջ հա­յե­րէ­նով գրառել: Գո­նէ ա՛յս ձե­ւով ան­մա­հա­ցու­ցած կ՛ըլ­լամ մեր նա­հա­տակ գրա­գէտ­նե­րը եւ իրենց ժա­ռան­գու­թիւնը` հա­յե­րէ­նը»:

 

Ցօղիկ Աշըգեան