Տ.ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ (1919-2019)

Տ.ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

ԲԱԶՄԱՐԴԻՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻՆ

 

 

Դար Մը Արդէն

Յառաջիկայ ամսուն Փետրուար 16-ին կը նշուի Ամեն. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի ծննդեան հարիւրամեակը, ու մեր վրայ երախտիքի պարտք կ’իյնայ յիշատակել զայն յատկապէս իր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմակալի իր երկարամեայ նուիրեալ եւ արդիւնաշատ պաշտօնավարութեան առիթով: Սոյն տողերը որպէս գործակից հոգեւորական Նորին Սրբազանութեան 24 տարիներու բեղուն աշխատանքին, սիրով եւ երախտագիտութեամբ կ’ընծայեմ Պատրիարք Հօր: Իմ առաջին հանդիպումը Սրբազան Հօր հետ տեղի ունեցաւ 1962 թուի ամրան երբ նոր Միացեալ Նահանգներ ժամանած էի եւ ինք, տակաւին վարդապետ, կ’ուսանէր Քէյմպրիճի Եպիսկոպոսական Աստուածաբանական Ճեմարանէն ներս: Արդէն ընտրեալ Առաջնորդն էր Արեւմտեան Թեմին, երբ նոյն տարին Թորգոմ Վարդապետ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կը ստանար Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ամենայն Հայոց Հայրապետէն, եւ չորս տարիներ ետք 1966-ին կ’ընտրուէր Առաջնորդ Արեւելեան Թեմին:

 

Հաւատարիմ Միաբանը

Ծնած Պաաքուպա, Իրաք, 1919-ին, Դիլիջանցի հօրմէն եւ Աղբակեցի մօրմէն, Աւետիք Մանուկեան տասներկու տարեկանին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարան կ’ընդունուէր Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի օրով որ կը դառնար իր մտատիպար Հոգեւոր Հայրն ու ուսուցչապետը, ուսանելով անոր արմաշական շունչին տակ մինչեւ Պատրիարքի վերջին շունչը, եւ իրմէ սարկաւագ ձեռնադրուելէ ետք պատրաստ էր քահանայ ձեռնադրուելու իր Հոգեւոր Հօր ձեռամբ Սակայն մի քանի ամիս առաջ, 1939-ի Փետրուարին կը վախճանէր Թորգոմ Ա. Պատրիարք եւ քսանամեայ Աւետիք սարկաւագ Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռամբ նոյն տարին, ուղիղ 80 տարիներ առաջ, ընկերովի կը ձեռնադրուէր Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ ժառանգելով իր անունը եւ յետագային դառնալով Թորգոմ Բ. Պատրիարք Երուսաղէմի:

Նորընծայ Թորգոմ աբեղայ վարդապետական չորս աստիճանները կը ստանար Կիւրեղ Բ. Պատրիարքէն ու Վանքէն ներս կը դառնար ընտիր, ուսումնասէր, երաժշտասէր, մարմնակրթանքի եւ մարզախաղերու առաջնահերթ համակրելի միաբանը: Տասնամեակ մը չանցած 1946 թուին Ամերիկահայ Թեմի Առաջնորդ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի հրաւէրովն ու իր մեծաւորին Տ. Կիւրեղ Բ. Պատրիարքի արտօնութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը ժամանէր ու իր կենսունակ երիտասարդական 45 տարիները մինչեւ 1990 բարւոք ծառայութեամբ կ’ընծայէր զոյգ թեմերուն, յատկապէս Արեւելեան Թեմին:

 

Թեմակալ Առաջնորդը

Արեւմտեան Թեմի քառամեայ առաջնորդական շրջանը հազիւ աւարտած, Թորգոմ Եպիսկոպոս Մանուկեան Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ կ’ընտրուէր 1966 թուին ու կը փոխադրուէր Նիւ Եորք, յաջորդելով Սիոն Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի որուն օրով աւարտած էր առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի համալիրին կառուցումը՝ պատրաստ օծման Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ: Յիրաւի Թորգոմ Սրբազանի առաջնահերթ պարտականութիւնը կ’ըլլար պատրաստութիւն տեսնել Տաճարի օծման հետ կապուած ներքին եւ արտաքին յարաբերութեանց հետ կապուած դիւանական գործերով, հետապնդելով յատկապէս պետական եւ միջ-կրօնական կապերու հաստատումը որոնք նախապէս անտեսուած էին: Մեր հովուական գործերուն առընթեր, երբ նաեւ մաս կը կազմէի Թեմական Խորհուրդին որպէս ատենադպիր, կը տեսնէինք այդ նշանակալից տարբերութիւնը՝ ճշդուած եւ յարատեւ յարաբերութիւնը Նիւ Եորքի քաղաքապետարանի եւ միջ-կրօնական հաստատութեանց հետ: Յայտնի կը դառնար ամէն ինչ երբ կարճ ժամանակի ընթացքին, 1968-ին, Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր երկրորդ հայրապետական այցելութիւնը կը շնորհէր Թեմին, այս անգամ օծելու համար Նիւ Եորքի նորակերտ Մայր Տաճարը:

Օծման ներկայ էին քաղաքապետ ու Նիւ Եորքի Կարտինալը, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդները, ու Հայ Եկեղեցւոյ նախկին եւ գործող Առաջնորդ եպիսկոպոսները, կրօնական այլ պետեր եւ զոյգ թեմերու բոլոր հայ հոգեւորականները: Հոն էի նաեւ ես Ֆիլատելֆիայէն որպէս գաւազանակիրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական պատարագի մատուցման ընթացքին՝ կարգադրութեամբը Առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոսին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոյն օր Թորգոմ Եպիսկոպոսին կը շնորհէր արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը: Նոյն օր բացումը կը կատարուէր նաեւ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Կեդրոնին եւ Հայկ եւ Ալիս Գավուգճեան հանդիսասրահին, որոնք Մայր Տաճարին հետ միասնաբար պիտի դառնային մեծագոյն Նիւ Եորքի հայկական պատկառելի եւ գործօն հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնը:

 

Արդիւնալից Աշխատանք

Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի շնորհիւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարը թեմի բազմահազար հայորդիներու լոյսի եւ յոյսի փարոսը պիտի դառնար, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ օտար շրջանակներուն ծանօթ առաջին եւ միակ կեդրոնը, ուրկէ Հայ Եկեղեցին պիտի բացուէր աշխարհին: Քաղաքապետներն ու յարանուանութեանց պետեր պիտի այցելէին հանդիսաւոր առիթներով, մինչ Առաջնորդարանի ներքին կառոյցները կ’ուռճանային ուսումնական եւ ակադեմական մասնաբաժիններով եւ ծրագիրներով: Առաջնորդը ինքն էր որ հաստատեց Գրիգոր Զոհրապի յիշատակին Հայագիտութեան Հետազօտութեան յատուկ բաժինը Առաջնորդարանէն ներս՝ բարերարութեամբ  Զոհրապի դստեր՝ Տոլորըս Զոհրապ Լիպմընի, բազմացնելով նաեւ առաջնորդարանի անձնակազմը: 1967 թուի 140,000 տոլարի տարեկան պիւտճէն 20 տարի ետք արդէն բարձրացած էր երկու միլիոնի: Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները զարգացան յաճախակի փոխ այցելութիւններով, մինչ Ամերիկայի Եկեղեցեաց Խորհուրդին որպէս վարչական Առաջնորդ Սրբազանը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր:

Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին Գանատայի թեմն ալ առանձին թեմ եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրահանգով եւ 1984 թուի Կոնդակով, բաժնուելով Արեւելեան թեմէն: Առաջնորդ Սրբազանը աննախընթաց թիւով քահանաներ ձեռնադրեց Արեւելեան թեմի համայնքներուն համար, թէ’ ոմանք արտասահմանէն հրաւիրելով, եւ թէ’ մանաւանդ թեմի Ս. Ներսէս Շնորհալի Ճեմարանի շրջանաւարտներէն 10 թեկնածուներու իր կատարած ձեռնադրութեամբ: Կրկին աննախընթաց ըլլալով, Սրբազանը օծեց 16 եկեղեցիներ թեմէն ներս, առաջինը Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն նորակառոյց եկեղեցւոյ որուն հոգեւոր հովիւն էր այն ատեն տողերս գրողը՝ Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեան: Նոյն համայնքին հին եկեղեցւոյ հովուութիւնը ինք Սրբազանը կատարած էր Երուսաղէմէն Ամերիկա առաջին գալուն 1946 թուին: Իսկ վերջին եկեղեցին զոր Թորգոմ Սրբազան օծեց Երուսաղէմ մեկնելէն երկու տարի առաջ 1988-ի Մարտ ամսուն Ֆլորիտայի նորաշէն Ս. Դաւիթ Եկեղեցին եղաւ որուն հովիւ կարգած էր զիս 1984 թուականին, հարաւային Ֆլորիտայի հայ համայնքը կազմակերպելու եւ շինարարութեանց ձեռնարկելու եւ աւարտելու համար:

 

Հայաստանի Ճգնաժամը

Առաջնորդ Թորգոմ Սրբազանի կենսական գործերէն մին եղաւ անմիջական եւ մնայուն գրասենեակներով օգնութեան հասնիլ Հայաստանի մեծ երկրաշարժին հասցուցած ահաւոր կոտորածին: Գրասենեակները որոնք մինչեւ այսօր Առաջնորդարանէն ներս կը մնան իրենց գործունէութեան մէջ աշխոյժ եւ հաստատ, մեծ օժանդակութիւն բերին եւ կը բերեն Հայաստանի, FAR (Fund for Armenia Relief) անուան տակ, շնորհիւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի   խնամեալ ծրագիրներուն՝ պետական ճանաչումով:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր վերջին հայրապետական այցելութեամբ Նիւ Եորք ժամանեց, երկրաշարժէն ճիշդ ամիս մը ետք Յունուարին, այս անգամ արցունքը աչքերուն, իր շուրջ հաւաքելով համազգային բարերարներ արտասահմանի չորս ծագերէն, որոնք Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ լսեցին Հայրապետին կոչը եւ անմիջական կարիքները հոգացին բնակարաններ կառուցանելու, դեղորայք եւ զգեստներ հասցնելու համար: Առաջնորդ Սրբազանին անմիջական աջակիցը եղաւ մեծ բարերար եւ շինարար Գէորգ Յովնանեան որուն միջոցաւ Ստեփանաւանի մէջ առաջին առիթով շարք մը տուներ կառուցուեցան: Վեհափառ Հայրապետի ներկայութեան համազգային հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ:

 

Թորգոմ Պատրիարք Երուսաղէմի

1990 թուի Փետրուարին յանկարծամահ կ’ըլլար Երուսաղէմի Եղիշէ Տէրտէրեան Պատրիարքը, եւ Թորգոմ Արք. Մանուկեան որպէս պատասխանատու միաբան ուխտին, Երուսաղէմ կը մեկնէր Լուսարարապետ Գարեգին Արք. Գազանճեանի կողքին անմիջական կարգաւորութեանց համար: Միաբանական Ժողովը նախ տեղապահ ընտրեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոսը, եւ նոյն տարուոյ Մարտ 22-ին՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք, զոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Վազգէն Ա. «անհուն ուրախութեամբ» ողջունեց, որուն հետեւեցաւ Յորդանանի Արքայական Հրովարտակը Յուլիս 29  թուակիր: Նորընտիր Թորգոմ Բ. Պատրիարք Մանուկեանի գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ 1990 Հոկտեմբեր 17-ին:

 

Տեղապահ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան

Թորգոմ Պատրիարքի պիտի վիճակուէր տակաւին աւելի բարձր պատասխանատու պաշտօն երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա. կը վախճանէր 1994-ի Օգոստոս 18-ին: Նոյն ամսու 25-ին Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նիստի կը հրաւիրէր երիցագոյն անդամ Յուսիկ Արք. Սանթուրեան, որուն կը մասնակցէին նաեւ թեմակալ եպիսկոպոսներ: Ժողովին ատենապետեցին Հայ Եկեղեցւոյ զոյգ Պատրիարքները՝ Թորգոմ Մանուկեան Երուսաղէմի եւ Գարեգին Գազանճեան Կ. Պոլսոյ Ժողովը մեծամասնութեան քուէներով Մայր Աթոռի Կաթողիկոսական Տեղապահ ընտրեց Երուսաղէմի Թորգոմ Պատրիարքը, որ մինչեւ Ապրիլ 3 վարեց զոյգ պաշտօնները մինչեւ յաջորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Իր տեղապահութեան շրջանին Սեպտեմբեր ամսուն այցելեց Սիւնեաց թեմ, Եղեգնաձոր, Գորիս եւ Տաթեւ:

 

Անձն եւ Գրական Վաստակը

Իր աւելի քան 40 տարիներու պաշտօնավարութիւնը արտասահմանի մեծագոյն թեմէն ներս Թորգոմ Պատրիարք իր շնորհները դրսեւորեց որպէս երաժշտասէր եւ գրասէր հոգեւորական, բանաստեղծ «Շէն Մահ» ծածկանունով, երբ իր առաջին գերզգայուն բանաստեղծութիւնը կ’ընծայէր իր հոգեւոր Հօր Թորգոմ Ա. Գուշակեան Պատրիարքին անոր վախճանման վաղորդայնին՝ 1939 թուին: Թորգոմ Պատրիարք կարեւոր բաժին յատկացուցած է խղճամիտ կերպով Արեւելեան թեմին Դպրաց Դասերու կազմակերպութեան՝ անոր հիմնադիրը ըլլալով, եւ հրատարակելով զոյգ մը ձայնագրեալ հատորներ հայ եկեղեցւոյ շարականներուն ճշգրիտ երգեցողութեան համար, կատարմամբ երաժշտագէտ Վարդան Սարգսեանի:

Երջանկայիշատակ Պատրիարքը յատուկ սէր տածած է Կոմիտաս Վարդապետի նկատմամբ եւ հրատարակած զոյգ մը հատորներ՝ «Կոմիտասի Հանճարը» համադրելով ու մեկնաբանելով Մեծն Կոմիտասի անկորնչելի աւանդը: Թորգոմ Պատրիարք հեղինակած է նաեւ 20 մենագրութիւններ, բանաստեղծական երեք ժողովածոներ, Սուրբ Պատարագի ուսումնասիրութիւններ՝ սարկաւագաց բաժնի ճշգրիտ եղանակներով: Հրատարակած է նաեւ «Հայ Եկեղեցւոյ Կորուստը Մեծ Եղեռնին» գիրքը եւ Երուսաղէմի սրբավայրերու մանրամասն ուղեցոյց մը:

Կլէնտէյլ