ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ

1915 թուականին չզոհուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետը։

Բարձրաստիճան պետական այրերու միջնորդութեամբ վերադարձաւ ան Չանղըրըէն, ուր աքսորուած էր 1915-ի Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած, հայ մտաւորականներու փաղանգին հետ։

Վերադարձաւ Կոմիտասին մարմինը, բայց հոն՝ այդ գազանաբարոյ արհաւիրքներուն մէջ մնաց անոր հոգին կենսավառ ու միտքը՝ ստեղծագործող….

Պատահական չէ՛ ուրեմն, որ աշխարհասփիւռ հայկական ամենատարբեր համայնքներուն մէջ տեղադրուած Հայոց Եղեռնի Զոհերու Յիշատակին նուիրուած յուշարձաններուն մեծամասնութեան հերոսը Կոմիտասն է…

 

Կոմիտասը յառնող եւ անմահ…

 

Կոմիտասը՝

Իր արեւոտ ժողովրդական երգերով

Իր Պատարագով՝ խորհրդաւոր

Իր մաքրամաքուր շարականներով

Իր ծանրակշիռ դասախօսութիւններով

Իր «քէրթէնքէլէներով»՝  հաւատարիմ

Իր երեք հարիւր հոգիանոց «Գուսան»ով

Իր ուրախ կատակներով եւ նամակներով՝ ցաւոտ

Իր լա՜յն ու հնչեղ ձայնով

Իր հրաշալի կատարումներով

Իր բանաատեղծութիւներով՝ ոսկեղենիկ

Կոմիտասը՝ իր յառնող էութեամբ

Իր խորհուրդով՝ անմահ։

 

Բազմաթիւ են Մեծն Կոմիտասի յուշարձանները։

Ահա անոնցմէ ամենանշանաւորները, իրենց տեղադրման թուականներու հերթականութեամբ։

 

***********************************************

 

1/ Կոմիտասի մահարձանը

Կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ գտնուող անոր գերեզմանին վրայ։տեղադրուած է 1955-ին։

 

Յուշարձանին Հեղինակները ճարտարապետ Գրիգոր Աղապապեանն ու  Քանդակագործ Արա Հարութիւնեանն են։Նիւթը պրոնզ ու կրանիտ է։Բարձրությունը՝ 2.4 մեթր։

 

 

 

********************************************************

 

 

 

2/ Կոմիտասի այս յուշարձանը, կը գտնուի Արմաւիր մարզի Էջմիածին քաղաքի կեդրոնը՝ Կոմիտասի անուան հրապարակին մէջ։

 

Տեղադրուած է 1969-ին։Քանդակագործը՝ Երուանդ Քոչարն է։Նիւթը՝ պազալթ։

 

 

 

***********************************************

 

 

 

 

3/ Կոմիտասի այս յուշարձանը կը գտնուի ԱՄՆ-ի Միչիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ։

Յուշարձանը նոյնպէս նուիրուած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 1.500 000 Զոհերու Յիշատակին։

Տեղադրուած է 1980-ին, Ասսարեան հիմնադրամի  եւ Հայկական Յուշարձաններու Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ յանգանակուած միջոցներով։

Քանդակագործը՝ Արտօ Չաքմաքչեանն է։

Նիւթը՝ պրոնզ։

 

 

***********************************************

 

 

 

4/ Կոմիտասի այս յուշարձանը կը գտնուի Երեւան քաղաքի կեդրոնը, Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցի առջեւի պուրակին մէջ։

Տեղադրուած է 1988-ին։

Կառուցուածքը՝ պրոնզ ու կրանիտ է, բարձրութիւնը՝ 3 մեթր։

 

Յուշարձանին հեղինակներ են՝ Ճարտարապետ Ֆէնիքս Դարբինեանը եւ Քանդակագործ Արա Հարութիւնեանը։

 

***********************************************

 

 

 

5/ Կոմիտասի այս կիսանդրին կը գտնուի Ֆրանսայի  մայրաքաղաք՝ Փարիզի Վիլ-Ժուիֆ հոգեբուժարանի բակին մէջ։ Այստեղ մահացած էր Կոմիտասը։

Կիսանդրիին բացումը տեղի  ունեցած է 1995-ի Հոկտեմբեր 21-ին, Կոմիտասի մահուան 60-րդ տարելիցին օրը։

Քանդակի հեղինակը՝ ծագումով հայ, այժմ Շաւիլ  ապրող եւ ստեղծագործող Արշաւիր Եղիազարեանն է։Կիսանդրին պրոնզով պատրաստուած է պատուանդանը՝ կրանիտ։

Պատուանդանին վրայ ֆրանսերէնով փորագրուած է.

«Կոմիտաս Վարդապետ, հայազգի երաժշտահան, 1869-1935, բուժուած եւ մահացած է Փօլ Կիրօ հիւանդանոցին մէջ։ Աքսորուած է 1915-ի Ապրիլ 24-ին, Երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով, որ նախերգանքը դարձաւ 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան, որոին զոհ գնաց 1,500,000 հայ»։

***********************************************

 

 

6/ Կոմիտասի այս յուշարձանը կը գտնուի Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ Փարիզի մէջ գտնուող «Երեւան» պուրակին մէջ։

1978-ին, Փարիզի հայ համայնքը դիմած էր քաղաքապետ՝ Ժաք Շիրաքին, Կոմիտասին եւ Մեծ Եղեռնի Զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը տեղադրելու թոյլտուութեան խնդրանքով։

Պատասխանը դրական էր։

Յուշարձանի տեղադրման աշխատանքները սկսած են 2001-ին, Ֆրանսային Հայոց Ցեղասպանութիւնը  պաշտօնապէս ճանչցած տարին, իսկ պաշտօնական բացումը եղած է 2003-ին։

Յուշարձանին հեղինակը քանդակագործ` Դավիթ Երեւանցին է։

Ամբողջական բարձրությունը 6 մեթր է. արձանը՝ 4 մեթր , պատուանդանը՝ 2։

նիւթը՝ պրոնզ է։

Յուշարձանին ետեւի մասը խաչքար է. Կոմիտասի ձեռքին գիրք կայ, իսկ միւս կողմը՝ նոր կեանքը խորհրդանշող երեխայի գլուխ քանդակուած է։

Յուշարձանին վրայ կը կարդանք.

«Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ԵՒ 1915-ԻՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՍՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 1.500 000 ՀԱՅ ԶՈՀԵՐՈՒՆ»:

Պիտի նշենք որ Կոմիտասի արձանին հարող փոքր պուրակը, «Երեւան» վերանուանուած է այս արձանին տեղադրումէն վերջ՝ 2009-ին։

***********************************************

 

 

7/Կոմիտասի այս կիսանդրին կը գտնուի Գանատա՝ Քեպեք քաղաքի «Բանաստեղծներու Զբօսայգի»ին մէջ, Քեպեքի Ազգային Ժողովի հարեւանութեամբ:

Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2008-ին, Քէպէքի 400-ամեակին նուիրուած  միջոցառումներու շրջանակէն ներս:

Քանդակագործը՝ Սամուէլ Ղազարեանն է։

Նիւթը՝ պրոնզ։

*********************************************************************      

Սեւան Սեմէրճեան