ՌԱԿ Գերագոյն Խորհրդի նախագահ՝ Ընկեր Վարդան Նազիրեանի ողջոյնի խօսքը

ՌԱԿ Գերագոյն Խորհրդի նախագահ՝

Ընկեր Վարդան Նազիրեանի

ողջոյնի խօսքը Հայաստանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի և պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոնի մէջ կայացած
ՌԱԿ 95 ամեակի յոբելեանական համերգին

 

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր,
Յարգելի հիւրեր, ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Ճիշդ 25 տարի առաջ¸ այս օրերուն¸ նոյն այս հոյակերտ դահլիճին մէջ¸ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը կը նշէր իր 70-ամեակը՝ շքեղ հանդիսութեամբ¸ որուն ներկայ էին հանրապետութեան Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը¸ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ներկայացուցիչ՝ այժմ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին 2-րդը¸ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը¸ պետական եւ կուսակցական ղեկավարներ¸ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն։
Փաստօրէն¸ այդ հանդիսութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատէր իր ներկայութիւնը ընդամէնը 3 շաբաթ առաջ իր Անկախութիւնը հռչակած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ¸ որուն Անկախութեան հանրաքուէի նախաձեռնութիւնը¸ ուրիշ 5 կուսակցութիւններու հետ- ի դէպ՝ միակը աւանդական կուսակցութիւններու մէջ- ստանձներ էր ՌԱԿ-ը։
Հետեւաբար ՌԱԿ-ը ոչ թէ որպէս հիւր¸ այլ որպէս տանտէր¸ որպէս հիմնադի՛ր կը վերադառնար մայր հայրենիք՝ իր անմիջական նպաստը¸ մասնակցութի՛ւնը բերելու այս ժողովուրդին¸ այս պետութեան զարգացման ու զօրացումին։ Եւ երբ այսօր բոլորս հպարտութեամբ կը տօնենք մեր անկախ պետականութեան 25-ամեայ տարեդարձը¸ ՌԱԿ-ը ինքզինք կը զգայ հպարտ¸ որ կերտիչներէն մէկը եղած է այդ անկախութեան։ Հպարտութիւն՝ որ կու գայ իր յանձնառու կեցուածքէն։
Արդարեւ¸ ազգային-քաղաքական հարցերու մէջ ՌԱԿ-ը մի՛շտ եղած է յանձնառու։ Նաեւ այն 70 տարիներուն¸ երբ տարագիր կը գտնուէր արտերկիրներու մէջ։ Հանդիսանալով հայ սփիւռքի մէջ միակ ոչ ընկերվարական կուսակցութիւնը¸ ունենալով հանդերձ Խորհրդային Հայաստանի մէջ տիրող վարչակարգին բոլորովին հակադիր գաղափարախօսութիւն¸ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը ունեցաւ իմաստութիւնը դրսեւորելու ոչ թէ քաղաքական¸ այլ ազգայի՛ն մօտեցում՝ հայոց հայրենիքի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման¸ սփիւռքահայ զանգուածները հայրենադարձութեան առաջնորդելու¸ Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածինի դիրքերը Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան մօտ ուժեղացնելու եւ այլ տեսակէտներէ։ Անկախութեան առաջին տարիներուն ՌԱԿ-ը եղաւ սփիւռքահայ դրամագլուխը (կապիտալ) առաջինը Հայաստան ներմուծող կազմակերպութիւնը¸ հոգ չէ թէ այն ժամանակ մեր երկիրը չունէր համապատասխան օրէնքներ՝ այդ ներդրումները պաշտպանելու¸ ոչ ալ բիզնես միջավայր՝ զանոնք արդիւնաւորելու։
ՌԱԿ-ը այսօ՛ր ալ յանձնառու է։ Յանձնառո՛ւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հզօրացումին¸ անվտանգութեան¸ բարգաւաճումին¸ ռամկավարական հասարակարգի ամրապնդումին¸ ազատական տնտեսութեան զարգացումին։ Յանձնառո՛ւ՝ Հայ դատին եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն։ Յանձնառո՛ւ՝ հայապահպանութեան Սրբազան գործին։

 

Երկար տարիներ ՌԱԿ-ը Սփիւռքէն յայտարարած է¸ թէ ինքը Մայր հայրենիքի կողքին է։ Այսօր¸ երբ ընդամէնը մէկ ժամ առաջ աւարտած է ռամկավարներու Հայաստան-Սփիւռք միացեալ համագումարը¸ ՌԱԿ-ը պաշտօնապէս կը յայտարարէ¸ որ ինքը ոչ թէ կողքին¸ այլ մէ՛ջն է հայրենիքին¸ ինչ որ պատուիրանն էր ՌԱԿ-ի հիմնադիրներուն՝ Վահան Թէքէեանին¸ Արշակ Չօպանեանին¸ Միհրան Տամատեանին¸ Միքայէլ Պապաճանեանին եւ միւս նուիրեալներուն¸ որոնք 1921 թուականի Հոկտեմբերի 1-ին¸ Պոլսոյ մէջ¸ կրցան միաւորել եւ միաւորուիլ որպէս մէկ եւ միակ կուսակցութիւն։ Իսկ մենք՝ որպէս հարազատ հետեւորդները անոնց՝ նոյն սկզբունքով այսօր վերահաստատեցինք մեր միութիւնը՝ ստեղծելով Հայաստան-Սփիւռք միացեալ ղեկավար մարմիններ։
Այդ նուիրական հիմնադիրներուն յիշատակին է նուիրուած մեր յոբելեանական այս համերգը։
Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը¸
Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը¸
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը¸
Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը։