Տենիըլ Քոց Արցախի մէջ այս տարի եւս մարտական գործողութիւն կ’ակնկալէ

Այս տարի, Արցախի մէջ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսիլը հաւանակա՛ն է. Քոնկրեսին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենիըլ Քոց: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

«Լեռնային Ղարաբաղի կապակցութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը աճած է 2016-ի Ապրիլին։ Փոխզիջման երթալու կողմերուն դժկամութենէն եւ ներքին աճող ճնշումէն կ՛ենթադրուի, որ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները հաւանական կը մնան նաեւ 2017-ին»,- գրած է ան:

«Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող տնտեսական խնդիրները մարտահրաւէր են կառավարութեան համար, որ յանուն իշխանութեան պահպանման՝ այլախոհներու վրայ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ։ Միաժամանակ, Պաքու կը շարունակէ Ռուսիոյ, Իրանի ու Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները հաւասարակշռելու փորձերը»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ: