Տեւեճեան ընտանիքը 5000 նոր մարզազգեստ կը նուիրէ ՀՀ մարզերու մարմնակրթութեան դպրոցներու աշակերտներուն

Տեւեճեաններու բարերար ընտանիքը կը շարունակէ հոգ տանիլ Հայաստանի պզտիկներուն եւ պատանիներուն։
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տեղեկութիւններով՝ հիմնադրամի Արժանթինի Տեղական Մարմինի բարերար ընտանիքի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ կ’իրականանայ «Մարմնակրթական դպրոցներու աշակերտներուն 5000 Մարզազգեստ» ծրագիրը, որ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն Տաւուշի, Վայոց Ձորի, Գեղարգունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ պիտի իրականացնէ «Հայաստան» Հիմնադրամը:
Վերոյիշեալ մարզերուն մէջ կան 28 մարզական դպրոցներ, ուր կը մարզուի 6-16 տարեկան 4927 պատանի: Բարերարները չեն մոռցած նաեւ Շիրակի մարզի իրենց սիրելի Պաւրա գիւղը եւ անոր վարժարանի 73 աշակերտները, որոնք իրենց դպրոցական տարիները կ’անցնեն եւ դասերը կը սերտեն Տեւեճեաններու նիւթական նեցուկով կահաւորուած եւ համակարգիչի սենեակ ունեցող դպրոցին մէջ, որոնք նաեւ կարելիութիւնը ունին վայելելու գիւղի նորաշէն հանրային հիմնարկի գրադարանը, դարմանատունը եւ հանդիսութիւններու սրահը:
ԼՂՀ Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղի հանրային հիմնարկը եւ գիւղի դպրոցի ամբողջովին նորոգուած մարզանքի սրահը նոյնպէս Տեւեճեաններու իշխանական նուիրատուութիւններու եւ ԼՂՀ կառավարութեան նիւթական աջակցութեան շնորհիւ իրականացած ծրագիրներ են:
«5000-ն ասես խորհրդանշական թիւն է Տեւեճեան ընտանիքի համար, շուրջ մէկ տարի առաջ նրանց հոգածութեամբ 5000 ֆութպոլի գնդակ նուիրաբերուեց Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներին: Մնում է յուսալ, որ Տեւեճեանները նոյնաթիւ էլ ծրագրեր կ’իրագործեն հայրենիքում»,- իր խօսքին մէջ կատակով ըսած է «Հայաստան» Հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան