ԱԱԾ. «Խումբ մը քաղաքացիներ փորձած են «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր բերել Հայաստան»

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեան ձերբակալուած է:

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս տարուան Մարտին նախնական տեղեկութիւններ ստացած Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ Վրաստանի Հանրապետութենէն մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու մասին:

ԱԱԾ-էն կը յայտնեն, որ ձեռնարկուած քննչական գործողութիւններու եւ հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով յայտնաբերուած եւ գրաւուած է «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիրի արձակման խողովակ` «9M39» հրթիռով:

Դէպքին առթիւ 2017-ի Մարտ 22-ին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ 2-րդ մասի եւ 235.1-րդ  յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ եւ ձերբակալուած է երեք անձ:

Նոյն հարցով, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութիւն տարածած է ԼՂ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ` նշելով, որ ան ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս:

ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլաէ տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս այս պահուն ձերբակալուած են 3 անձ, որոնց մէջ` Հայաստանի քաղաքացի Սամուէլ Բաբայեանը:

«Կատարուած քննչական գործողութիւններու եւ հետախուզական միջոցառներու արդիւնքով ստացուած արժանահաւատ տուեալներուն համաձայն՝ նշուած զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրումը իրականացուցած անձիք գործած են Սամուէլ Բաբայեանի հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուէրով:

«Ըստ փորձագէտի եզրակացութեան` զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղադրիչ կազմող «9M39» մարտական հրթիռը պիտանի է յետագայ շահագործման համար եւ կը հանդիսանայ ռազմամթերք:

«Այժմ պէտք է պարզաբանուին զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերման շարժառիթները, հնարաւոր օգտագործման նպատակները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրները:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի»։