Արցախի ՊՆ-ն նոր տեսանիւթեր հրապարակած է` հակառակորդին յարձակումը կանխելու վերաբերեալ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը ներկայացնէ գիշերուան ընթացքին հակառակորդին կողմէ արեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած յարձակման փորձի մասին վկայող երկու տեսագրութիւն:

Առաջին տեսանիւթին մէջ ներկայացուած է Մարտունիի ուղղութեամբ՝

ա/ հակառակորդին հետախուզական խումբի ներթափանցման եւ հայկական ուժերուն կողմէ զանոնք վնասազերծելու գործողութիւնը

բ/ հակառակորդին կրած կորուստները (5 դիակ): Ըստ ՊԲ համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն` զոհուածներուն շարքին են Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու 181-րդ ջոկատի հետախուզութեան պետ, մայոր Ապտուլաեւը, ջոկատի հետախուզական վաշտի հրամանատար, աւագ հարիւրապետ Աշիմլի Շախլարը, հետախոյզ Ատըհուսէյնովը ու եւս երկու զինծառայող, որոնցմէ մէկը` սակրաւոր:

https://www.youtube.com/watch?v=Dr7OufHMjDA

Երկրորդ տեսանիւթին մէջ կերեւի Ակնայի ուղղութեամբ՝

ա/ հակառակորդին կողմէ ականազերծման «Տրոպա» տիպի զինամթերքի կիրառումը

բ/ հակառակորդին կողմէ կիրառուած նռնականետերու եւ խոշոր տրամաչափի այլ զինատեսակներու պայթիւնը

գ/ հակառակորդին հետախոյզներ խումբին նահանջը

Բացի տեսագրութիւններէն կը ներկայացնենք նաեւ հակառակորդին ճամբարին մէջ այսօր տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի հետեւեալ ձայնագրութիւնը:

https://www.youtube.com/watch?v=Isx4K4NyMd0

Այս ամէնը մէկ անգամ եւս կը փաստեն, որ այսօր առաւօտեան Ատրպէյճանի կողմէ`  արցախեան զինուժի յարձակման մասին տարածուած տեղեկութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան սեփական հերթական ձախողումը պատրուակելու անյաջող փորձ: