Դաւիթ Բաբայեան. «Ատրպէյճան կը փորձէ փրկել իր ոտնահարուած ինքնասիրութիւնը»

«Ատրպէյճան, հայերու կողմէ հետախուզական ներթափանցման  փորձերու մասին կեղծ լուրեր տարածելով, նպատակ ունի փրկել իր ոտնահարուած ինքնասիրութիւնը: Նման ստայօդ լուրեր տարածելով` Ատրպէյճանի յանցաւոր իշխանութիւնները կը փորձեն սեփական ժողովուրդին ցոյց տալ, որ իրենց բանակը ուժեղ է եւ կրնայ ձախողեցնել հայկական կողմի` մինչեւ ատամները զինուած ներթափանցող խումբերու  փորձերը», «Փանորամա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

«Չի բացառուիր, որ վաղն ալ իրենց տաղաւարներուն մէջ կը նկարահանեն հայկական զինուորական համազգեստով քանի մը հոգի, որպէսզի ցոյց տան, որ իբրեւ թէ ինչ որ մարդիկ եկած են: Չի բացառուիր նաեւ, որ հայկական կողմի ներթափանցող խումբերու գործողութիւններուն մասին կեղծ լուրեր տարածելով` ատրպէյճանցիները նպատակ ունին միջազգային հանրութեան հասկցնել` հայերը յարձակումներ կը կատարեն, մենք ալ  ձեւով մը կը պատասխանենք անոնց` հայ զինուորներ սպաննելով»,  ըսաւ Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, սակայն, բոլորին յայտնի է, թէ ո՛վ է սահմանային դէպքերուն իրական նախաձեռնողը: