Հակառակորդին ներթափանցման փորձը ձախողած է. սպաննուած է ատրպէյճանցի չորս զինուոր

Յունիս 21-ի լոյս 22-ի գիշերը ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձ:

Ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան, Պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ յատուկ սարքերու ժամանակին նկատած են ներթափանցող խումբին յառաջխաղացումը եւ հակառակորդին պատճառելով առնուազն 4 զոհ` ետ շպրտած են զանոնք իրենց դիրքերը: Ատրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն մօտ թողած է յատուկ գրոհայիններու անձնական պարագաներ:

Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Առաջնագիծին վրայ իրավիճակը կը մնայ արցախեան զինուժի լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ: