Հ Հ անկախութեան 25-ամեակի առթիւ՝ հայոց քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնը այցելեց «Եռաբլուր» պանթէոն

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 21 Սեպտեմբերին, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: