Մովսէս Յակոբեան. «Դիրքապահ զինուորներու անվտանգութիւնը առաւել ապահով դարձնելու ջանքեր պէտք է գործադրուին»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Մայիս 22-ին տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման պայմաններու կատարելագործման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու քննարկման: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեսակապի միջոցով խորհրդակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին բանակային զօրամիաւորումներու, Երեւանի եւ Գիւմրիի կայազօրի հրամանատարական կազմերու ներկայացուցիչներ, որոնք Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետին զեկուցեցին զինուորներու զգօնութեան բարձրացման եւ կարգապահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումներու մասին:

Խորհրդակցութեան ընթացքին գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան յանձնարարեց շարունակել սահմանային գիծին վրայ անձնակազմի զգօնութեան, մարտական հերթապահութիւն կատարելու պայմաններու, ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ առաւել ջանքեր կեդրոնացնել հակառակորդի սադրանքներէն ու ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու դիրքապահ զինծառայողները՝ անոնց անվտանգութիւնը առաւել ապահով դարձնելու համար: