Նալպանտեանը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը քննարկած են ղարաբաղեան կարգաւորման ջանքերը

Նիւ Եորք այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, Սեպտեմբեր 21-ին, հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ճէֆրի Ֆելթմընի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերը: