ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԴԱՇԻՆՔԻ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱՆԻՇԵՐԸ ԳՐԵԹԷ ՀԱՒԱՍԱՐ ԵՆ

Ըստ Լուրեր.com կայքէջի, միջազգային աղբիւրներ կը նախատեսեն թէ Ծառուկեանի դաշինքը եւ իշխանութիւնը նախնական տուեալներով հաւասար վարկանիշեր արձանագրած են: Միջազգային հանրածանօթ Gallup International Association գործակալութիւնը եւ Հասարակական Կարծիքներու Ռուսական Կեդրոնը կը յայտնեն թէ Ծառուկեան դաշինքը բարձր վարկանիշ ստացած է – 26% եւ  27% վարկանիշ:  Մեկնաբաններ կը յիշեցնեն թէ այս տուեալները շատ սկզբնական են, սակայն կը շեշտեն թէ երկրին ընդհանուր վիճակը՝ աղքատութեան եւ տագնապի մէջ տուայտող ժողովուրդը իրական փոփոխութիւններ կ’ակնկալէ եւ թէ իշխանութեան խոստումները հաւանաբար անզօր դառնան այս հանգրուանին: