Շուշիի մէջ ատրպէյճանցի զինուորականներ պղծած եւ քանդած են Յովհաննէս Թեւոսեանի յուշարձանը

Ատրպէյճանցի զինուորականներ կը շարունակեն պղծել հայկական յուշարձանները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ: Ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ ատրպէյճանցի զինուորականներ կը քանդեն Յովհաննէս (Իւան) Թեւոսեանի յուշարձանը։ Լուրը կը հաղորդէ SputnikArmenia-ն:

Նշենք, որ Թեւոսեան ծնած է Շուշիի մէջ, քանի մը տարի ետք ընտանիքը փախուստ տուած է Շուշիէն եւ բնակութիւն հաստատած Պաքուի մէջ:

1948-1949 թուականներուն վարած է Խորհրդային Միութեան արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը, 1949-1956-ին եղած է նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ, իսկ 1956 թուականէն մինչեւ մահը եղած է Ճափոնի մօտ Խորհրդային Միութեան դեսպանը:

Նշենք, որ ասիկա հայկական պատմամշակութային յուշարձաններուն դէմ ատրպէյճանական վայրագութեան առաջին դէպքը չէ:

Նոյեմբեր 2020-ին, ատրպէյճանի զինուորական ծառայողներ ոչնչացուցած էին Շուշիի Կանաչ մատուռի գմբէթը եւ զանգակատունը:

16 Նոյեմբերին պղծած ու մասամբ աւերած էին Մեխակաւան գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, իսկ անոր վրայ տեղադրուած խաչը քանդած էին: Պղծուած էր նաեւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանը: