Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է ֆրանսայէն ժամանած բժիշկները

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Սեպտեմբեր 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Ֆրանսայէն ժամանած բժիշկներուն խումբը` ուղեկցութեամբ դոկտ. Ժան Փիեռ Պէրպէրեանի: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Վերջինս Նորին Սրբութեան ներկայացուցած է բժիշկներու այցին նպատակները եւ հայցած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը:

Ողջունելով ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդի զաւակներուն այցը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին` Նորին Սրբութիւնը անոնց մաղթած է հաճելի եւ անմոռանալի օրեր հիւրընկալ Հայաստան աշխարհի մէջ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայացուցած է Ս. Էջմիածինի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ` մասնաւորապէս ընդգծելով, որ քրիստոնէութեան ընդունումով ուղեգծուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքը: Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է Հայոց Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ գոյութեան պահպանութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն եւ ներկայ հովուական ծառայութեան:

Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով ՀՀ անկախութեան տարիներուն ձեւաւորուած միջպետական յարաբերութիւններուն մասին, գոհունակութեամբ շեշտած է ջերմութեամբ եւ բարեկամութեամբ յատկանշուած սերտ կապերը եւ գործակցութիւնը Ֆրանսայի հետ: Գարեգին Բ Կաթողիկոս աղօթած է, որ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները միշտ մնան այդքան ջերմ եւ բարեկամական:

Նորին Սրբութիւնը, ի դէմս պատկառելի խումբի, շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ գործադրուող ջանքերուն համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատասխանած է բժիշկներու հարցերուն, որոնք վերաբերած են Հայոց Ցեղասպանութեան ու խորհրդային տարիներուն հետեւանքով Հայոց Եկեղեցիին պատճառուած աւերներու վերականգնման, Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ այլ Քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ կրօններու հետ Հայոց Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն, աճող սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան:

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւոր ծառայութիւն մաղթած է բժիշկներուն` Աստուծոյ զօրակցութեամբ շարունակ նպաստելու մարդոց առողջ կեանքին: