2017 թուականի առաջին կիսամեակին Արցախի զբօսաշրջութեան բնագաւառը աճած է բոլոր ուղղութիւններով:
2017-ի Յունուար–Յունիս ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու քանակի 46 % աճ` 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, իսկ 2015-ի համեմատ աճը կազմած է 26%, կը յայտնէ Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը:
Այցելութիւններու քանակը աւելցած է նաեւ հիմնական զբօսաշրջավայրերու մէջ. օրինակ` Տիգրանակերտի պետական արգելոց այցելած է աւելի քան 5000 զբօսաշրջիկ, որ 62 տոկոսով աւելին է 2015 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ:
Հաշուարկային գնահատականներով` զբօսաշրջութենէն ստացուած եկամուտները կազմած են 1.7 միլիառ ՀՀ դրամ (աճը կազմած է 35 տոկոս` 2015-ի համեմատ):
Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու համար, բացի պետական պիւտճէի միջոցներէն, ներգրաւուած է նաեւ 25 միլիոն ՀՀ դրամ ներդրումներ միջազգային նուիրատուներու կողմէ:
Աւելի առաջ յայտնի դարձաւ, որ 2017-ի Ապրիլ ամսուն, նախորդ տարուան Ապրիլի համեմատ արձանագրուած է զբօսաշրջութեան 42% աճ, իսկ Մայիս ամսուն, նախորդ տարուան նոյն ամսուան համեմատ` 222% աճ:
2015-ին Արցախ է այցելած 16.500 օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ, հիմնականօրէն Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպական շարք մը երկիրներէ: