ԵՒՐ-ԱՍԻԱԿԱՆ ՍԱԿԱՐԱՆԸ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՏԵՂԱՓՈԽԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԷՆ ԵՐԵՒԱՆ

Մայիս 16-ին Թեհրան կայացած Եւր-Ասիական Սակարանի (Stock Exchange) Ֆէտէրասիոնի Ընդհանուր Ժողովը քուէարկեց ի նպաստ  կազմակերպութեան կեդրոնը տեղափոխել Իսթանպուլէն՝ Երեւան: Սակարանի հաստատման 22 տարիներու կեդրոնը 1995-էն ի վեր եղած է Իսթանպուլի մէջ: Երեք տարի տեւող ներքին պայքարներու աւարտին, կազմակերպութեան նոր միացող Կիպրոսի եւ Իրանի կենսունակ սակարանները կարողացած են կեդրոնական գրասենեակի տեղափոխումը Երեւան ապահովել:

Նորահաստատ սակարանին Երեւանի գրասենեակը վստահուած է NAZDAQ OMX Armenia-ի տնօրէն  Կոսդանդին Սարոյեանի որպէս Ընդհանուր Քարտուղար, ընտրուած Ընդհանուր Ժողովի մեծամասնութեան կողմէ: «Կը սկսինք սակարանային նոր դար մը, ֆէտէրասիոնի ղեկավարութեան Երեւանի կեդրոնէն: Միշտ նկատուած աշխարհագրականօրէն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակոյթներու խաչմերուկի իր նպաստաւոր դիրքով, պիտի կարենանք տնտեսական եւ մշակութային տարբերութիւնները եւ զարգացումը յաջողութեամբ կառավարել» ըսած է Կոսդանդին Սարոյեան: