Թրամփ կ’առաջարկէ 67%-ով կրճատել Հայաստանի ֆինանսական օգնութիւնը

Թրամփի վարչակազմը ներկայացուցած է 2018-ի ֆինանսական տարուան համար իր առաջարկները, որոնք կը նախատեսեն մեծապէս նուազեցնել Հայաստանին տրուող ֆինանսական աջակցութիւնը:

Հայաստանին կ՛առաջարկուի ընդամէնը $6.8 միլիոն տրամադրել: 2017-ին տրամադրուած օգնութիւնը կազմած էր $20.4 միլիոն, կը յայտնէ Ամերիկայի հայկական համագումարը:

Այսպիսով, օգնութեան ծաւալը կ՛առաջարկուի նուազեցնել 67%-ով: Վրաստանին ու Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութիւնը կը նուազի համապատասխանաբար 57%-ով ու 70%-ով, Ազրպէյճանի օգնութիւնը` 90%-ով:

Եւրոպական ու Եւրասիական երկիրներուն օգնութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի կրճատուի 60%-ով:

Հայաստանին տրամադրուելիք գումարէն $4 միլիոնը կը յատկացուի տնտեսական զարգացման համար, $1.5 միլիոն` թմրամիջոցներու շրջանառութեան վերահսկման, $0.7 միլիոնը` միջուկային զէնքի չտարածման, հակաահաբեկչական պայքարի ու ականազերծման ծրագիրներուն, $06 միլիոնը` ռազմական կրթութեան: