Իրանցի զբօսաշրջիկներուն այցը Հայաստան աճած է 47 աոկոսով

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան կը յատկացնէ գրեթէ 32 միլիոն դրամ` ՀՀ մուտքի արտօնագիրներու անհրաժեշտ քանակի տպագրութիւնը եւ ՀՀ դեսպանութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ սահմանապահ ծառայութիւններու անխափան աշխատանքը ապահովելու համար:

Կը նախատեսուի 2016 թուականի երկրորդ կիսամեակի եւ 2017 թուականի համար տպագրել 120 հազար հատ ՀՀ մուտքի արտօնագիրներու պիտակներ: Նշուած կանխատեսումը 2016-ի տարեվերջին պիտի ճշգրտուի տարեկան փաստացի տուեալներու հիման վրայ եւ լրացուցիչ պահանջք չառաջանալու պարագային 2017-ի պիւտճէի նախագիծով ՀՀ մուտքի արտօնագիրներու պիտակներու տպագրութեան համար նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տնտեսուի:

«2015 թուականի ամրան, Իրանի նկատմամբ կիրառուած միջազգային պատժամիջոցներու վերացումը յանգեցուց Իրանէ դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներու շեշտակի աճի, որ 2016-ի առաջին եօթ ամիսներուն կազմած է 47%: Իրանցի զբօսաշրջիկներու շեշտակի աճը հնարաւոր չէր կանխատեսել, քանի որ անիկա աշխարհաքաղաքական զարգացումներու հետեւանք էր: 2015-ի ընթացքին տրամադրուած բոլոր ՀՀ մուտքի արտօնագիրներու շուրջ 70%-ը բաժին ինկած է Իրանի քաղաքացիներուն: 2016-ի Օգոստոս 10-էն Իրանի քաղաքացիներուն համար կը գործէ առանց վիզայի կարգ, հետեւաբար այս գործօնը այլեւս ազդեցութիւն պիտի չունենայ, իսկ վիզաներու հետագայ սպառումը պիտի նուազի: ՀՀ մուտքի արտօնագիրներու մնացորդը ՀՀ ԱԳՆ պահեստին մէջ առ 22.08.2016 թուական կը կազմէ 6,500 հատ, որ կրնայ բաւարարել 1-2 ամիս»,- նշուած է հիմնաւորման մէջ:

Ըստ տեղեկատուութեան` 2015 թուականի ընթացքին տրամադրուած է շուրջ 194 հազար մուտքի վիզա, որմէ 134 հազարը Իրանի քաղաքացիներուն եւ 60 հազարը այլ երկիրներու քաղաքացիներուն: 2016-ի 7 ամիսներու ընթացքին, չհաշուած Իրանի քաղաքացիներուն, տրամադրուած է 37 հազար վիզա, իսկ 2015 թուականի նոյն ժամանակահատուածին` 33 հազար, այսինքն աճը կազմած է 12%: